Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30ին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի 7րդ յարկի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ ժողովածոյի մը շնորհահանդէսը՝ «Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը»: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Շիրազ Ճէրէճեան: Ձեռնարկի ընթացքին պիտի ցուցադրուի Արցախեան ճակատներու վրայ նկարահանուած պատերազմական տեսերիզ: Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս պիտի գան ԹՄՄ-ի նորակազմ երիտասարդական նուագախումբի անդամներ:
Շնորհանդէսը կազմակերպուած է «Զարթօնք»ի 80 ամեակի առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Այս առիթով «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ առիթը ունեցանք զրուցել այս կարեւոր նախաձեռնութեան տէր՝ Անահիտ Յարութիւնեանի եւ Ռուզան Բագրատունեանի հետ:
Մեր հիւրերէն իմացանք եւ ինչպէս գիրքն ալ կը վկայէ, որ ժողովածոյին մէջ զետեղուած են 2012-2017 «kinoashkharh.am» կայքին մէջ «Պատերազմի վաւերագրողները» խորագիրով հրատարակուած հարցազրոյցներ 34 անձերու հետ, որոնք 1991-1994-ին եղած են ճակատի վրայ եւ վաւերացուցած են Արցախեան պատերազմի տարեգրութիւնը: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անոնց կենսագրական տուեալները, ֆիլմագրութիւնը եւ անոնց նկարահանումներու ընտրանին` երկու խտասկաւառակով:
Հաւաքածոյին առանձնայատկութիւններէն է անոր երկլեզու ըլլալը՝ Հայերէն եւ Անգլերէն, առիթը տալու համար աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու ծանօթացնել Արցախի համար այդ բախտորոշ տարիները կերտող ճակատումներուն:
Խօսելով գիրքի բովանդակութեան ընտրութեան մասին, մեր ազնիւ հիւրերը զեկուցեցին, ըսելով թէ «Երբ սկսաւ Արցախեան պատերազմը, մեր գործակատարները, բեմադրիչներն ու լրագրողները՝ ի տարբերութիւն այլ երկիրներու, պատերազմի վաւերագրութեան փորձ չունէին: Բացի ատկէ, երկիրը բանակ չունէր, հետեւաբար, պատերազմի տարեգրութիւնն ալ կազմակերպուած չէր: Ինչպէս ազատամարտիկները ճակատ կը մեկնէին կամաւոր, այնպէս ալ լրագրողներն ու գործակատարները»:
Ըստ մեր հիւրերուն, իւրաքանչիւր լրատուամիջոց իր հայեցողութեամբ ու իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ մարդիկ կ’ուղարկէր ճակատ, կամ`շարժանկար արտադրողները իրենք կը կազմակերպուէին ու խումբեր կը կազմէին: «Շատ յաճախ հաւաքագրման սկզբունքը, ամէն պարագայի, կամաւոր էր: Ի դէպ, ճակատ կը մեկնէին արուեստագիտական ու նիւթական շատ սուղ հնարաւորութիւններով, չունենալով փոխադրամիջոց, երբեմն` սիրողական տեսախցիկներով, երբեմն չունենալով տեսաերիզներու անհրաժեշտ պաշար», մեր հիւրերը ցաւով նշեցին այս արժէքաւոր գիրքի պատրաստման մասին:
Տիկ. Յարութիւնեանն ու Բագրատունեանը վկայեցին, որ «Կեանքի գնով իրականացուած նկարահանումները երբեմն կ’ոչնչացուէին սեփական ձեռքերով, որպէսզի տուեալ ժապաւէնին վրայ նոր նկարահանում կատարուէր: Իսկ պահպանուած ժապաւէններն ալ մեծ ճիգերով կը հասցուէին շրջափակուած Հայաստանի հեռուստատեսութիւն, ամենավտանգաւոր ճանապարհներով ու փոխադրամիջոցներով»:
«Հանրութիւնը պէտք է ճանչնայ ու երախտագիտութիւն յայտնէ այն մարդոց, որոնք քաջութիւն ունեցած են իրենց մասնագիտական պարտքը կատարելու` վտանգելով իրենց կեանքը: Այլ խօսքով` հանրութեան արժանի գնահատանքը եւ յարգանքը, որ կը դրսեւորուի ո՛չ միայն ու ոչ այնքան պարգեւներու եւ շքանշաններու շնորհումով, այլ ընդամէնը ճանաչումով» արդարացիօրէն շեշտեցին այս կարեւոր բովանդակութեամբ գործը պատմութեան յանձնող տիկինները: :
Այսպէս, «kinoashkharh.am» կայքին մէջ «Պատերազմի վաւերագրողները» խորագիրով հրատարակուած հարցազրոյցներու լայն արձագանգները եւ իրենց կատարած թռուցիկ հարցումները այս նախաձեռնութեան տէր տիկիններուն յանգեցուցած են այն համոզման, որ իրենց բառերով. «միայն կայքի մէջ հրապարակուող շարքը, ժամանակ առ ժամանակ այս կամ այն շարժանկարի գործիչին ներկայացնելը բաւական չէ, հարկ է ընդհանրացուած ու ամբողջական տեղեկութիւն տալ, այսինքն` մէկտեղել բոլորը` ամփոփելով մէկ գիրքի մէջ»:
Այսպէս ծնած է «Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» գիրքը, որուն շնորհահանդէսին սիրով հրաւիրուած է Լիբանանահայ հանրութիւնը՝ մօտէն ծանօթանալու Արցախի վերաբերող այն շատ դժուար օրերուն, որոնք վաւերագրուած են հերոս եւ երբեմն ալ անանուն անհատներու կողմէ, որոնք արժանի են բիւր յարգանքի ու երախտագիտութեան:
Նշենք, որ մեր հիւրերը Լիբանան իրենց կեցութեան կարճ ընթացքին արդէն իսկ այցելած են ազգային հաստատութիւններ ինչպէս, քոյր թերթերու խմբագրատուներ, Հայկազեան Համալսարան, Զմմառ, Անթիլիասի Կաթողիկոսարան եւայլն եւ մեծապէս տպաւորուած այն ամէն ինչով, որոնք իրենք տեսած են Լիբանանահայ գաղութին մօտ:
«Խմբ.»