ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Չարենցը խոհուն, զարգացած, մեծ մտածողութեան տէր անձնաւորութիւն էր, անհանգիստ բնաւորութիւն, ըմբոստ եւ եռուն: Բոլոր ազգերու գրականութիւնը գիտէր, լաւ կը ճանչնար, եւ մեծ ճաշակի տէր էր…
Չարենցի կորուստը յաւիտեան ողբալի է, եւ եթէ ան ողջ մնար, դեռ ինչեր կրնար ընել: Յամենայն դէպս ան ինչ որ տուաւ, ատիկա անմահ կոթող մըն է հայ գրականութեան մէջ…»
Աւ. Իսահակեան
Մեռածները կը մնան երիտասարդ, որովհհետեւ Չարենցի բանաստեղծութիւնները մեզի համար լի են գարնանային կայտառութեամբ, յեղափոխութեան հողմով, հերոսականութեամբ, եւ այդ պատճառով մենք ա՛լ աւելի կը սիրենք ու կը յիշեն զանոնք:
Եղիշէ Չարենցը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի սկզբնաւորողն է. ընդարձակած է գեղարուեստական մտածողութեան հայեցադաշտը, կանխորոշած գրականութեան յետագայ զարգացման ուղիները. Թարմացուցած` լեզուն, տաղաչափութիւնը, հարստացուցած գրական ժանրերը:
Եղիշէ Չարենցը, իր կեանքին վերջը` ամենաբարդ շրջանին, լուսաւոր կէտ մը ունէր միայն՝ իր ընտանիքն ու իր տունը, ուր դժբախտաբար Ապրեցան ընդամէնը 2 տարի` 1935-1937 թուականներուն: Չարենցի եւ անոր կնոջ` Իզապէլլա Չարենցի ձերբակալութենէն ետք, այդ տան դռները ընդմիշտ փակուեցան անոնց զաւակներուն` 5-ամեայ Արփենիկի եւ երկու տարեկան Անահիտի համար, որոնք մնացին բառացիօրէն փողոցը: Մօտ 40 տարի անց` 1975-ին, արդէն իբրեւ տուն–թանգարան, վերաբացուեցաւ մեծ բանաստեղծի երբեմնի հիւրընկալ օճախը, որ այսօր Երեւանի լաւագոյն մշակութային օճախներէն մէկն է եւ սրբավայր դարձած է իւրաքանչիւր հայու համար:
Այսօր, Եղիշէ Չարենցի տուն–թանգարանը բանաստեղծի կեանքի, գրական–մշակութային, հասարակական–քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոն է: Թանգարանին մէջ կը պահուին–կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին բանաստեղծէն մեզի հասած մասունքներ` անձնական իրեր, ձեռագիրներ, փաստաթուղթեր, գիրքեր, լուսանկարներ, նիւթեր՝ կապուած Չարենց մարդու, քաղաքացիի, մեծ բանաստեղծի, թարգմանիչի, հրատարակիչի հետ: Վերականգնուած է բանաստեղծի աշխատասենեակը:
«Զարթօնք»-ի այս շաբթուան զրուցակիցը թանգարանի տնօրէն Անահիտ Ասատրեանն է:
«Զ.» – Եղիշէ Չարենցի տուն–թանգարանը բանաստեղծի կեանքին եւ գործունէութեան գիտական կեդրոնն է: Ե՞րբ հիմնադրուած է թանգարանը:
«Ա. Ա.» – Երեւանի կեդրոնը գտնուող Չարենցի տուն-թանգարանը կարելի է ըսել սրբավայր դարձած է իւրաքանչիւր հայու համար, այն պատճառով, որ այստեղ ապրած է 20-րդ դարու հանճարեղ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը: Թանգարանը հիմնադրուած է 60-ական թուականներուն: Անիկա կը հիմնադրուի խորհրդային Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի 8 Փետրուար 1964-ի որոշումով, եւ իր դռները կը բանայ ժաղովուրդին առջեւ, 1975-ի Յունուարին: Թանգարանի հիմնադրման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է Կարէն Տէմիրճեանը: Այսօր թանգարանը կ’ընդգրկէ 626.3 քառ. մ. տարածք, վերականգնուած է յուշատունը:
Այո, այսօր Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը բանաստեղծի կեանքի, գրական մշակութային, հասարակական, քաղաքական գործունէութեան կեդրոնը դարձած է: Այնտեղ կը պահուին եւ կը ցուցադրուին բանաստեղծէն մեզի հասած մասունքներ` անձնական իրեր, ձեռագիրներ, փաստաթուղթեր, գիրքեր, լուսանկարներ, նիւթեր:
«Զ.» – Ի՞նչ ցուցասրահներ ունի թանգարանը: Իսկ անոր գրադարան–ընթերցասրահին մէջ ի՞նչ հաւաքածոյ կը պահուի:
«Ա. Ա.» – Թանգարանը բաղկացած է չորս յարկէ` առաջին յարկը քանդակներու ցուցադրման եւ շարժանկար դիտելու սրահն է, երկրորդ յարկը ձեռնարկներու եւ ցուցահանդէսներու սրահը, երրորդը՝ հիմնական ցուցադրութեան սրահը, այստեղ ներկայացուած են կիներուն հետ կապուած պատմութիւններ, Չարենցի կեանքի պատմութիւնը, իսկ չորրորդ յարկը Չարենցի յուշատունն է, որ թանգարանի ամենանուիրական հատուածն է: Այստեղ ամէն ինչ պահպանուած եւ դասաւորուած է այնպէս, ինչպէս եղած է Չարենցի ապրած ժամանակ: Յուշային բաժինին մէջ, իր առանձանակի տեղը ունի բանաստեղծին անձնական գրադարանը: Ըստ իր դուստր Արփենիկ Չարենցի՝ 30-ական թուականներուն վերջերը Չարենցի անձնական գրադարանը ընդգրկած է մօտ 6000 գիրք: Բանաստեղծի ձերբակալումէն ետք, դժբախտաբար, գիրքերուն մեծ մասը ոչնչացուած է: Այսօր մեզի հասած է 1452 գիրք: Կ’աշխատինք ամէն գնով այնպէս ընել, որպէսզի գիրքերը չփճանան։ Վերջերս գիտական աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի ունենանք Չարենցի անձնական գրադարանի մատենագիտութիւնը։ Ծրագիր ունինք պատրաստելու Եղիշէ Չարենցի հանրագիտարան: Այս աշխատանքներուն հիմքը նոր դրուած է եւ աւարտին պէտք է հասնի Չարենցի 125-ամեակին:
Թանգարանը ունի նաեւ գրադարան-ընթերցասրահ, որ կը ներառէ Չարենցագէտ, գիտնական Ալմաստ Զաքարեանի ամբողջ գրական ֆոնտը։
«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին հետ:
«Ա. Ա.» – Քանի որ Չարենցի ձեռագիրները, այնտեղ կը պահուին նաեւ իրեն հետ կապուած բազմաթիւ արխիւային փաստաթուղթեր. բնականաբար, համգործակցութիւն կայ: Մենք ունինք այնտեղ եղած բոլոր նիւթերուն լուսապատճէնները, որպէսզի կարենանաք օգտուիլ եւ օգնել մեր ընթերցողներուն եւ այցելուներուն:
Կայ հարց մը, որ ես կ’ուզեմ բարձրացնել, որ երկու թանգարաններն ալ կը կրեն Չաենցի անունը, շատ ժամանակ ատիկա թիւրիմացութիւն կ’առաջացնէ: Քանի որ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը բազմաթիւ գրողներու, մտաւորականներու եւ մեր ունեցած ամբողջ հարստութեան կրողն է, ուստի, կրնայ նաեւ կոչուիլ պարզապէս գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, այսինքն առանց որեւէ գրողի անունին: Կը կարծեմ այդպէս աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ մենք յաճախ կը ստանանք իրենց հասցէագրուած նամակները, իսկ իրենք՝ մերը:
«Զ.» – Ի՞նչ գիրքեր հրապարակուած են թանգարանին կողմէ: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ:
«Ա. Ա.» – Իմ տնօրինութեան օրով դեռ գիրք չէ հրապարակուած, բայց շուտով պէտք է հրապարակենք թանգարանի տարեգիրքը, որ արդէն պատրաստ է եւ կը ներառէ թէ՛ գիտական յօդուածներ, թէ՛ պոէզիայի նմուշներ, թէ՛ թանգարանի ժամանակագրութիւնը եւ գիտաշխատողներուն յօդուածները: Ատիկա բաւական ծաւալուն տարեգիրք է, լոյս պիտի տեսնէ տարին մէկ անգամ եւ կը կոչուի «Ծիր կաթին»: Մեր ցանկութիւնն է, որ պատմութիւնը փաստացի մնայ թանգարանի յարկին տակ, իբրեւ տպուած վաւերագիր, իբրեւ իրողութիւն: Տարեգիրքին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է պոէզիային, որովհետեւ յետագային, թագարանը ցանկութիւն ունի դառնալու պոէզիայի կեդրոն: Այս առիթով արդէն բանակցութիւններ կը վարենք երիտասարդ պոէտները հաւաքագրելու, այստեղ ներկայացնելու, շնորահահանդէսներ կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ գիտնականներու հետ, որոնք յօդուածներ կը գրեն գրականութեան մասին: Այս ամէնը պէտք է հաւաքուի եւ կամաց կամաց օրինական հիմքի հասցուի:
Կրնանք համագործակցիլ նաեւ այլ երկիրներու հետ եւ մենք կրնանք լաւ գործունէութիւն ծաւալել: Սփիւռքը մեզի համար շատ կարեւոր օղակ է: Մենք շատ պիտի ուզէինք համագործակցիլ Սփիւռքի գաղթօճախներու հետ: Եթէ Սփիւռքը ցանկութիւն յայտնէ համագործակցելու՝ կրնանք փոխանակուիլ նիւթերով, յօդուածներով, կրնանք այցելութիւններ կազմակերպել, քանի, որ Չարենցը միջազգային ասպարէզ հանելու համար խնդիրներ ունինք, իսկ Սփիւռքը այդ հարցով մեզի կրնայ օժանդակել:
«Զ.» – Ի՞նչ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին թանգարանին մէջ:
«Ա. Ա.» – Թանգարանին մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին ե՛ւ դպրոցականներու հետ ե՛ւ մտաւորակններու։ Շուտով պիտի ունենանք գրական բարեգործական համերգ` «Ճազը եւ Չարենցը» պայմանական վերնագիրով:
Յիշեցնենք, որ Եղիշէ Չարենցի տուն թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը, Մաշտոցի 17 հասցէին:
Հեռ.՝ +374 10 -53-55-94 / +374 10-53-14-12
ել–հասցէ՝ charents.museum@gmail.com
Կայք էջ՝ www.charents.am