Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Նախարար Գարայեան Անդրադարձաւ ԵԱՏՄ-ին Թուրքիոյ Հաւանական Անդամակցութեան

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Գարայեան անդրադարձաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մաքսային տարածքին Թուրքիոյ միանալու մասին: «Մեր համապատասխան մարմինները արդէն իսկ այդ հարցին արձագանգած են: Միայն պիտի ամբողջացնեմ, որ ԵԱՏՄ-ի մէջ որոշումները կը կայացուին համախոհութեան սկզբունքով, եւ երբ կարգը հասնի որոշումներու կայացման` Հայաստանը պիտի յայտնէ իր դիրքորոշումը»,- ըսած է Գարայեանը:

Աւելի առաջ, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, այս առնչութեամբ նշած էր. «Նախ, ԵԱՏՄ մաքսային տարածքին միանալու հնարաւորութիւն նախատեսուած չէ ԵԱՏՄ պայմանագիրով: Աւելին, զաւեշտալի է, երբ ԵԱՏՄ մաքսային տարածքին միանալու մասին կը խօսի Թուրքիան, որ միակողմանի փակած է հայ-թրքական սահմանը` միակ ցամաքային սահմանը Թուրքիոյ եւ ԵԱՏՄ մաքսային տարածքին միջեւ»: 

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեգչին, 18 Օգոստոսին նշած էր, թէ Թուրքիան առաջարկ ունի, որպէսզի մաքսային համաձայնագրի ստորագրման վերաբերեալ բանակցութիւններ սկսի Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ` չխախտելով համապատասխան համաձայնութիւնները Եւրոմիութեան հետ: Անոր խօսքով, Թուրքիան կ’ուզէ նաեւ այլ համագործակցութիւն հարթել ԵԱՏՄ-ի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին