Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

Ճափոնը Հայաստանին Նոր Հրշէջ Մեքենաներ Պիտի Յատկացնէ

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Ճափոնի կառավարութիւններուն միջեւ «Հակահրդեհային սարքերու բարելաւման ծրագիրի համար» յայտագրերու փոխանակումով կնքուող դրամաշնորհի համաձայնագիրի կնքման առաջարկին: ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ 2010-ին Ճափոնի կառավարութենէն փրկարար ծառայութիւնը ստացած է 28 մեքենայ: Այժմ կը կնքուի նոր դրամաշնորհային համաձայնագիր:

Ըստ նախագիծի հիմնաւորման` նոր մեքենաները պիտի շահագործուին Սիւնիքի, Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ` կապուած աշխարհագրական դիրքին հետ, տարածքի բացարձակ բարձրութիւններու զգալի տարբերութիւններով:

«Նշուած մարզերու քանի մը համայնք կը գտնուի սպասարկող հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն 32-48 քմ հեռաւորութեան վրայ, եւ մարտական հաշուարկները, յատկապէս սահմանամերձ եւ բարձր լեռնային համայնքներու արտակարգ իրավիճակներու դէպքերու սպասարկման համար, վերընթաց ոլորաններով անցնելու ժամանակ՝ առաւելագոյնը 20-30 քմ/ժ արագութեամբ կ՝ընթանան` դէպքի վայր հասնելով 50-60 վայրկեան ուշացումով, որուն հետեւանքով արձագանգը կը դառնայ անիմաստ: Իբրեւ արդիւնք, շրջակայ միջավայրին, կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն կը պատճառուի զգալի նիւթական եւ բարոյական վնաս: Հրշէջ մեքենաները մաշած են, յաճախ կը խափանուին, ջուրի տակառները վնաստուած են եւ վերանորոգելը դարձած է անհնար: Ուստի անհրաժեշտ է այս մեքենաները փոխարինել նորերով: Սիւնիքի, Լոռիի եւ Շիրակի փրկարարական սարքերը 1991 թուականէն ի վեր չեն թարմացուած: Անոնք դեռ 2001-ին պէտք է փոխարինուէին նորերով: Անհրաժեշտ է վերազինում, իւրաքանչիւր հրշէջ-փրկարարական ջոկատի մէջ երկու հատ: Փորձը ցոյց տուած է, որ ամենայուսալին ճափոնական մեքենաներն են»,- նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ:

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին