Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Տարբեր Երկիրներու Հետ Մուտքի Արտօնագրերու Ազատականացման Ու Դիւրացման Քայլերը

ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ տարբեր երկիրներու հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման ուղղութեամբ քայլերը: Այս մասին, կառավարութեան այսօրուան նիստին, յայտարարեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` ներկայացնելով որոշումին նախագիծը, որմով Ճափոնի քաղաքացիները պիտի չունենան Հայաստան մուտքի արտօնագիրի պահանջ:

Ճափոնի քաղաքացիները պիտի կարենան առանց մուտքի արտօնագիրի, մէկ տարուան ընթացքին, այցելել եւ մնալ Հայաստանի տարածքին մէջ՝ առաւելագոյնը 180 օր ժամկէտով:

Ի պատասխան ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հարցին` Էդուարդ Նալպանտեան ըսաւ, որ Ճափոնը արդէն վեցերորդ պետութիւնն է, որուն քաղաքացիները պիտի չունենան Հայաստան մուտքի արտօնագիրի պահանջ: «Տրամադրուած ենք առաջ երթալու այդ հարցով` նպատակ ունենալով այդ գործընթացը դարձնելու նաեւ երկկողմանի: Ճափոնական կողմը,Սեպտեմբերէն սկսեալ, ՀՀ քաղաքացիներուն համար պիտի դիւրացնէ մուտքի արտօնագիրի տրամադրումը, նոյնը կ’ընենք միւս երկիրներու հետ»,- ըսաւ ՀՀ ԱԳ նախարարը:

Ըստ հիմնաւորման, Ճափոնի հետ Հայաստանը ունի ջերմ յարաբերութիւններ եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացումը տարուէ տարի կ’արձանագրէ դրական առաջընթաց, 2010-ին ՀՀ դեսպանութեան բացումը Թոքիոյի մէջ եւ 2015-ին Ճափոնի դեսպանութեան բացումը Երեւանի մէջ որակապէս նոր լիցք հաղորդած են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման՝ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Առկայ է երկկողմ յարաբերութիւնները ալ աւելի խորացնելու երկուստեք շահագրգռուածութիւն: Ըստ այդմ` Ճափոնի քաղաքացիներուն ՀՀ մուտքի արտօնագիրի պահանջին միակողմանի չեղարկումը առաւել նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծէ երկկողմ տնտեսական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան խթանման համար:

2017  Յունուար 1-էն Ճափոնի քաղաքացիները ունին ազատ մուտքի արտօնագիր կամ սահմանին զայն ստանալու ընթացակարգ 172 երկիր այցելելու համար: Ճափոնի անձնագիրը կը համարուի աշխարհի մէջ 5-րդը (կը կիսէ տեղը նորզելանտական եւ իռլանտական անձնագիրներուն հետ) զբօսաշրջութեան ազատութեան տեսանկիւնէն:

Ճափոնի քաղաքացիները Վրաստան այցելելու ժամանակ մուտքի արտօնագիրի պահանջ չեն ունենար, իսկ Ազրպէյճան այցելելու պարագային` մուտքի արտօնագիր կը ստանան սահմանէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին