Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած են «Պաշտպանութեան մասին» եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի օրէնքներու նախագիծերը:
Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ այսօրուընէ կը մեկնարկէ սահմանադրական փոփոխութիւններով պայմանաւորուած կարեւորագոյն օրինագիծերու քննարկումներու շարքը, եւ օրակարգի մէջ ներառուած նախագիծերուն մէջ դեռ շատ հարցեր կան, որոնք մանրակրկիտ, բազմակողմանի քննարկման եւ յստակեցման կարիք ունին:
Օրակարգի վերոնշեալ հարցերը խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Ան նշած է, որ «Պաշտպանութեան մասին» օրէնքը կը կարգաւորէ ՀՀ պաշտպանութեան կազմակերպման իրաւական հիմքերը, պաշտպանութեան ոլորտի մէջ պետական եւ տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, պաշտօնատար անձերու, կազմակերպութիւններու` անկախ կազմակերպական իրաւական ձեւէ, զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու գործունէութիւնը:
Անիկա նաեւ կը կարգաւորէ Հայաստանի պաշտպանութեան մասնակցելու գործընթացին մէջ քաղաքացիներու իրաւունքները եւ պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ զօրահաւաքային նախապատրաստութեան եւ զօրահաւաք իրականացնելու հետ կապուած յարաբերութիւնները:
«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքը կը կարգաւորէ Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ Հայաստանի պաշտպանութեան մասնակցելու սահմանադրական պարտականութեան ծիրէն ներս քաղաքացիներու զինուորական ծառայութեան նախապատրաստութեան, զինուորական ծառայութեան եւ պահեստազօրային պատրաստութեան կազմակերպման եւ իրականացման, ինչպէս նաեւ զինծառայողներու, անոնց ընտանիքներու անդամներու ու զինծառայողներուն հաւասարեցուած անձերու իրաւական եւ ընկերային երաշխիքներու հետ կապուած յարաբերութիւնները:
Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ մշակուած նախագիծերու քննարկումները պիտի մեկնարկեն Օգոստոս 31-ին կառավարութեան նիստի ընթացքին: