Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Միացեալ Նահանգներ Դրամաշնորհ Կը Տրամադրէ Գիւղատնտեսական Ծրագիրին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրամաշնորհ  տրամադրած է Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ապագային միտող ծրագիրին:

Ըստ News.am-ի՝ այս առնչութեամբ, Հայաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.

«Ամէն տարի ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան շրջանաւարտներու ներգրաւուածութեան նորարարական հիմնադրամի դրամաշնորհային ծրագիրը կ՝աջակցի ԱՄՆ փոխանակման ծրագիրներու բարգաւաճող ու ազատ հասարակութիւն կառուցող շրջանաւարտներուն:

Այս տարի ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը ստացած է 1014 դիմում 125 երկրէ եւ ֆինանսաւորած է 68 նախագիծ, որոնցմէ մէկը՝ Հայաստանէն՝ Ֆուլպրայթ ուսանողական ծրագիրի շրջանաւարտներ Արմէն Ղազարեանի, Գայիանէ Սարգսեանի եւ Muskie ծրագիրի շրջանաւարտ Աստղինէ Պօղոսեանի ներկայացուցած խմբային նախագիծը:

Անոնց ACT (Վաղուայ օրը կերտող Agripreneurs) առաջարկը նպատակ ունի ձեւաւորելու Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ապագան՝ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներու համար իրականացնելով գործնական դասընթացներ յաջողակ երկրագործական գործառնութիւն սկսելու վերաբերեալ: Անհամբեր կը սպասենք նախագիծի աճին ու զարգացման»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին