Թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի վեց ընկերութիւններ միասնական տաղաւարով Հայաստանը կը ներկայացնեն Մոսկուայի մէջ Օգոստոս 30-ին բացուած «Տեքստիլլեգպրոմ» 49-րդ ցուցահանդէսին:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ հայկական ընկերութիւնները միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցին արդէն 5-րդ անգամ: Նախկին ցուցահանդէսներու մասնակից բոլոր ընկերութիւնները արտահանման պատուէրներ ստացած են:
«Միայն Փետրուարի ցուցահանդէսին հայկական ձեռնարկութիւնները 400 միլիոն դրամի արտահանման պատուէրներ ստացած են: Իդէպ, ամէն յաջորդ ցուցահանդէսէ ետք պատուէրներու քանակը նկատելիօրէն կ՛աւելնայ»,- նշած է ՀԶՀ Միջոցառումներու կազմակերպման խումբի ղեկավար` Մարկուս Ազադեան:
«Հայկական արտադրանքի արտահանման զգալի աճը, մասնաւորպէս Ռուսիա, պայմանաւորուած է կառավարութեան, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան արդիւնաւէտ քաղաքականութեամբ եւ յատկապէս արտադրութեան ու արտահանման խթանման ծրագիրներով»,- ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ նշած է Ռուսիոյ մէջ ՀՀ առեւտրային ներկայացուցիչ Կարէն Ասոյեան:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ հիւսուածեղէնի եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան արտադրանքի ու սարքաւորումներու Ռուսիոյ ամենամեծ ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ տարին երկու անգամ, 40 000 քմ տարածք զբաղեցնող 9 սրահներու մէջ: «Տեքստիլլեգպրոմ» 49-րդ ցուցահանդէսին կը մասնակցին աւելի քան 200 ընկերութիւններ աշխարհի 28 երկիրներէ: Կը սպասուին 35 հազարէ աւելի այցելուներ` մեծածախ գնորդներ, ոլորտի մասնագէտներ, առեւտրային ցանցերու ներկայացուցիչներ, ներմուծողներ:
«Լենտեքս», «Հելլօ», «Արշալոյս», «Ալեքս տեքստիլ», «Ֆիրմա Լիդա» ընկերութիւնները, Կամսար Դարբինեան Աձ-ն միասնական տաղաւարով կը ներկայացնեն Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտը` հիւսուածեղէնի, գուլպայի տեսակներու, հագուստի սեփական արտադրութեան հաւաքածուներով: