«Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արմէն Աշոտեան եւ պատուիրակութեան անդամ Մանէ Թանդիլեան պիտի մասնակցին` Սեպտեմբեր 22-ին Պաքուի մէջ կայանալիք ընկերային, կրթութեան, մշակոյթի եւ քաղաքացիական հասարակութեան հարցերու յանձնաժողովի կողմէ կազմակերպուած համաժողովին:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը:
Համաժողովը նուիրուած է կանանց առողջութեան եւ սեռային հաւասարութեան խթանման: Պատուիրակութեան` համաժողովին մասնակցելու հետ կապուած կազմակերպչական հարցերը կը գտնուին ընթացիկ փուլի մէջ: