*ՄԱՆՈՒԿ ՀՈՓԱԼԵԱՆ*
Պզտիկ գաղափար մը Ամանոսի լեռնաշղթային մասին: Հոն եղած է եօթը հայաբնակ գիւղեր.
Ա. Հասան Պէյլի
Բ. Պաղչէ
Գ. Լափաճ
Դ. Հարունիէ
Ե. Գոեաք
Զ. Քէլլէր
Է. Ղուշճու
Այս եօթը գիւղերուն կեդրոնը եղած է Հասան Պէյլին իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, բժիշկ-դեղագործներով եւ զանազան արհեստներով, եղած է նաեւ նստավայրը շրջանի մեծաւորին:
1913 թուականին Ատհայի տօնին առիթով Ղուշճու եւ Քէլլէր շրջանի խումբ մը երեւելի հայեր, թիւով վեց հոգի, որոշած են շրջանի քիւրտ աղային տունը երթալ, Ատհայի տօնը շնորհաւորելու: Այս խումբին մաս կազմած է նաեւ իմ մեծ հայրս Մանուկ Հոփալեան: Մօտաւորապէս երկու ժամ քալելէ ետք կը հասնին Հանիֆ աղայի տունը: Ուրախ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւնը բոլորին համար, երբ ճաշի ժամը կը հասնի, տանտէրը՝ Հանիֆ աղան, ներկայ հիւրերը ճաշասեղան կը հրաւիրէ թիւով 18 հայ, քիւրտ եւ թուրք:
Հիւրերը իրենց ցոյց տրուած աթոռներուն (բազմին) վրայ կը նստին: Հանիֆ աղան ալ սեղանին գլուխը: Սեղանին վրայ ճաշը պատրաստ է, ըստ իրենց օրէնքին, ճաշասեղանին վրայ զոհուած եւ եփուածը որպէս մատաղ անպայման պէտք է ուտուի: Ճաշելու կը սկսին, բայց աղային աչքը միշտ հիւրերու վրայ կը հսկէ, մինչ այդ կը նշմարէ, որ հայ հիւրերէն մէկը չ’ուտեր: Աղան հիւրին կ’ըսէ.
-(Գարտաշ եէեէ) Աղբեր կեր, կեր:
Հիւրը կը պատասխանէ.
-Շնորհակալ եմ աղա, ես կուշտ եմ:
Աղան ալ կ’ըսէ.
-Ինչպէս թէ դուն կուշտ ես եւ քեզի հետ եկողները անօթի են եւ կ’ուտեն:
-Բայց ես կուշտ եմ, կ’ըսէ դարձեալ աղան, բայց չի համոզուիր այդ խօսքերէն: Կ’ելլէ իր տեղէն կու գայ հիւրին քով ձեռքը ուսին դնելով կը հարցնէ, թէ ինչ է պատճառը, չես ուտեր:
-Աղա պատճառը ըսե՞մ, չեմ ուզեր այդ սեղանէն ճաշ ուտել:
Մինչ այդ աղան զգալով հարցը կ’ըսէ.
-Չըլլայ որ խնոս ըսածնիս դուն ես:
Այո, աղա ճիշդ պատճառը այդ է, եթէ ես այս սեղանէն ճաշ ուտեմ, իմ ապրուստէս պիտի զրկուիմ, չեմ ուզեր, որ մեր մէջ աղ ու հաց ըլլայ, որ ազատ ըլլամ դարձեալ գալու եւ անասուններէդ գողնալու:
Աղան ալ կը պատասխանէ.
-Ուրեմն տարիներէ ի վեր իմ անտառներս գողցողը դուն ես եղեր:
-Այո ես եմ, կ’ըսէ:
Աղան շատ գոհ մնացած է այս խօսքերէն եւ ըսեր է.
-Քանի որ ճշմարիտը խօսեցար կեր եւ գողցիր:
Նորէն խօսք կ’առնէ Խնոսը ու կ’ըսէ.
-Աղա այսքան տարիէ գիշերները կու գամ ագարակէդ ուզած անասունս կ’առնեմ, կը տանիմ, ափսոս քեզի ալ դուռ մը շինեցնել չկրցայ սորվեցնել:
Ծանօթ: Ո՞վ է Խնոսը, բնիկ Քէլլէրցի հայ Փանոս անունով, քիւրտերը Խնոս կը կանչեն եղեր, եւ անունը մնացեր է Խնոս:
Ահաւասիկ արժանապատիւ գողը: