Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Տեսակէտ – Ֆրանչիսկոս Հոգեւորականի Հասարակական Դիմագիծը

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

«Կարելի է սուրբ դառնալ
քաղաքականութեամբ զբաղելով»։
Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս-Այրէսի Թեմական Առաջնորդ Խօրխէ Մարիօ Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը, որ հիմա Վատիկանի Պապն է Ֆրանչիսկոս պատուանունով, սոսկ հոգեւորական մը չէ, այլ՝ պարզերես ՄԱՐԴ մը, օրկանական։ Մտաւորական մը եւ պայծառատես յեղափոխական Առաքեալ մը։ 1915 թուին, Վատիկանի Պապը Պենետիքտոս ԺԵ. Օսմանեան Կայսրութեան Մէհմէտ Ե.ին մօտ միջամտեց մարդասիրական մղումով, թեթեւցնել յուսալով Արեւմտահայութեան վրայ գործադրուող Եղեռնը, պաշտօնական նամակով մը…։ Դար մը ետք, 2015 թուին, Ֆրանչիսկոս Պապի միջամտութիւնը եղաւ հիմնովին տարբեր բնոյթի, տարբեր մղումներով, եւ տարբեր տարողունակութեամբ, որոնց կ’անդրադառնանք քիչ անդին։ Առաջնահերթը գիտնալն է, թէ ինչո՞ւ Խօրխէ Մարիօ Պերկոլիօ Արք.ը նախընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը։

Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սուրբերէն մին էր։ Ան զաւակն է 12-13-րդ դարերուն, մեծամեծ հարստութեան տէր վաճառականի մը, բայց հրաժարելով հօր ժառանգութենէն, դարձաւ հոգեւորական, եւ իր կեանքը նուիրաբերեց աղքատներուն, կարօտեալներուն ու շահագործուողներուն, մուրալով հաւաքած իր գումարները բաշխելով անոնց, քանի որ Նազովրեցին աշխարհ եկած էր անոնց օգնելու, զանոնք փրկելու համար…։

Եւ արդէն Խօրխէ Մարիօ Պերկոլիօ Արք.ը Պուէնոս-Այրէսի մէջ պաշտօնավարած օրերէն կը վարէր Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի վարքն ու բարքը, դաւանած ըլլալով Լատին Ամերիկայի  կաթողիկէ մեծանուն աստուածաբան կարտինալներու դաւանած ու քարոզած «Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւն»-ը…, որ Նազովրեցի Յիսուսի քարոզած ուսմունքին սկզբնական մաքրամաքուր աղբիւրն էր, եւ աւելի լայնահորիզոն, աւելի իրապաշտ եւ աւելի գործնապաշտ ու օգտակար աստուածաբանութիւն էր քան՝ միջնադարեան դպրական (scholastique) աստուածաբանութիւնը, որ բնազանցական ու ապառնի խոստումներով լոկ բարոյական ուսմունք մըն էր, մինչդեռ «Ազատագրութիւն»ը՝ ներկային մէջ եւ այս երկրի վրայ կիրարկելի քաղաքական ուսմունք մը…։ Եւ ուրեմն, այսպիսի քաղաքական աստուածաբանութիւն դաւանող օրկանական մտաւորական մը, պայծառատես ու յեղափոխական առաքեալ մը, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, չէր կրնար անտարբեր մնալ Հայ Դատին նկատմամբ, նաեւ՝ հանճարեղ Գրիգոր Նարեկացիի մարդկայնականութեան նկատմամբ… (ի դէպ՝ Նարեկացին ոչ գործունեայ համակրողն էր Թոնտրակեան բարեկարգչական յեղափոխութեան…)։ Չէր կրնար նաեւ՝ անտարբեր մնալ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական յառաջապահութեան նկատմամբ, երբ հայ ժողովուրդը՝ ոչ միայն առաջինը եղաւ պետականօրէն որդեգրող Յիսուսի ուսմունքը, այլեւ առաջինը եղաւ, Եւրոպայէն 3-4 դարեր առաջ, Թոնդրակեան Բարենորոգչական յեղափոխութեամբ, հիմերը դնելու «Վերածնութեան» (Renaissance) դարաշրջանին եկեղեցւոյ Բարենորոգութեան (Reformation) մարզին մէջ, եւ՝ առաջիններէն եղաւ որդեգրող 7 Նոյեմբեր 1917-ին ընկերային ազատագրութեան՝ Սոցիալիզմի, առաջին յեղափոխութիւնը Պատմութեան մէջ։ Սոցիալիզմը, որ վախճանական նպատակն է Լատին Ամերիկայի յեղափոխական աստուածաբանութեան, որուն բնութագրած Նազովրեցի Յիսուսն է միայն, որ կրնայ կասեցնել ընդհանրապէս բոլոր եւ մասնաւորապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերջին շրջանի տեղատուութեան ընթացքը։ Արդարեւ, այսպիսի կասեցում արձանագրուեցաւ, երբ Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան միայն չորս ամիսներու ընթացքին (13 Մարտ, 2013 – 22 Յուլիս, 2013) պարզուեցաւ, որ Յուլիս 2013-ին Վատիկանի կազմակերպած «Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրեր»-ուն (ԵՀՕ) ներկայ եղած աւելի քան 3 միլիոն երիտասարդներու 86 տոկոսը նորագիրներ էին… իսկ ԵՀՕ-ի նախորդ տարուան փառատօնին ներկայ եղած էին միայն 2 միլիոն երիտասարդներ (Այս տուեալները առնուած են Սարգիս Նաճարեանի «ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ» խորագրով եզակիօրէն ուսանելի հատորէն)։

Ֆրանչիսկոս հոգեւորականի հասարակական դիմագիծը ուրուագծելու համար, նկատի ունեցանք Ֆրանչիսկոս Պապի հետեւեալ խօսքերը, բոլորն ալ մէջբերելով Սարգիս Նաճարեանի վերեւ յիշուած հատորէն։ Իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, բազմութեան ուղղուած իր առաջին խօսքը եղած է, իր մայրենի սպաներէն լեզուով՝ “Fratelli e sorella! Buonasera!…”

Ուրիշ առիթով մը.

«Սուրբ Հոգին կը ներշնչէ ընելու ոչ միայն քահանաները, այլեւ՝ աշխարհականները…»։ Ուրեմն, համայնավարին մղած ընկերային արդարութեան պայքարը եւս կրնայ ներշնչուած ըլլալ Սուրբ Հոգիէն… այսինքն՝ Նազովրեցի Յիսուսէն, ոչ դիմափոխուած «Քրիստոս»էն… (Այս դիմափոխութեան մասին մանրամասն տեսնել՝ Eric Fromm-ի “The Dogma of Christ” հատորը)։

Ուրիշ տեղ մը.

«Քարոզը Աստուծոյ Խօսքին ծանուցումն է, իսկ դասախօսութիւնը՝ Անոր Խօսքին բացատրութիւնը։ Քարոզելը՝ հրեշտակ ըլլալն է, իսկ դասախօսելը՝ բժիշկ…»։ Ուրեմն, Աստուծոյ ծանուցուած խօսքին բացատրութիւնը կամ մեկնաբանութիւնը, ոչ միայն արտօնելի է, այլեւ՝ բժշկութիւն։

Զարգացնելով այս միտքը. «Պէտք է վստահ ըլլանք, որ ճիշդ ձեւով կը հասկնանք մեր կարդացած խօսքերուն նշանակութիւնը։ Որովհետեւ պիպլիական բնագիրը, զոր կ’ուսումնասիրենք, երկու կամ երեք հազար տարեկան է։ Անոր լեզուն մեր այսօրուան օգտագործած լեզուէն շատ տարբեր է։ Պէտք է յատուկ ուշադրութիւն ընել այն բառերուն, որոնք կը կրկնուին։ Պէտք է գլխաւոր պատգամը վեր առնել, եւ ոչ թէ մանրամասնութիւնը…»։ Որովհետեւ մանրամասնութիւնները պարագայական են, գնայուն, իսկ գլխաւոր պատգամը, սկզբունքայինը՝ մնայուն։ Եւ մարքսական գաղափարականին օգտագործած նոր բառապաշարին սկզբունքները համահունչ են եւ համապատասխան Նազովրեցի Յիսուսի գլխաւոր պատգամներուն։

Այլ առիթով. «Յոռի երեւոյթ է ժողովրդապետութեան դուռին առջեւ՝ «ընդունելութեան ժամեր»-ը… հոգեւորին դուռը բաց պէտք է ըլլայ բոլոր զայն թակողներուն առջեւ… որովհետեւ մենք՝ հոգեւորականներս, կանչուած ենք աշխարհականներուն ծառայելու, եւ ոչ թէ՝ անոնցմէ միայն ծառայութիւններ ընդունելու։ Եկեղեցին քահանաներու ընտրանի մը չէ, եւ Սուրբ Հոգին եկեղեցական նուիրապետութեան սեփականութիւնը չէ միայն…»։ Իսկ Համայնավար Կուսակցութիւնը մենաշնորհեալներու ընտրանի մը չէ, այլ՝ աշխատաւոր ժողովուրդին ծառայելու կանչուած է, եւ դէմ է անհատի պաշտամունքին ու կը գործէ հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքով, եւ անոր կազմած պիոներական շարժումին անգամ նշանաբանը՝ «Միշտ պատրաստ» է… քանի որ կուսակցութիւն եւ շարժում իշխող գերադաս ընտրանիներ չեն, այլ՝ առաջնորդող յառաջապահներ միայն…։

Ուրիշ առիթով մըն ալ. «Խաղաղութիւնը՝ պարգեւ մըն է, որովհետեւ կը բխի Աստուծոյ սրտէն. մարտահրաւէր մը՝ որովհետեւ բարիք մըն է. եւ յանձնառութիւն մը՝ որովհետեւ ան կը կարօտի անոր հետամուտ ըլլալուն ու կերտումին ի խնդիր, բարի կամեցողութեան տէր բոլոր մարդոց տենդագինս աշխատանքին»։ Համայնավարներուն համար եւս խաղաղութիւնը, համաշխարհային խաղաղութիւնը՝ բարիք մըն է եւ մարտահրաւէր մը, որ կը բխի մարդկութեան սրտէն ու բանականութենէն, եւ կը պահանջէ՝ բարի կամեցողութեան տէր բոլոր մարդոց տենդագին պայքարը, եւ իրենք էին՝ Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, խաղաղութեան համաշխարհային շարժումին առաջնորդները… եւ «Խաղաղութեան Աղաւնի»-ն՝ հոմանիշ խորհրդանիշն էր «Մուրճ-Մանգաղ»ին, եւ անոնք էին, որ ջախջախեցին ֆաշիզմը Ստալինկրատէն մինչեւ Պերլին, ապահովելով համաշխարհային խաղաղութիւնը 9 Մայիս, 1945 թուին, քանի որ իրենք էին յօրինողները «Համաշխարհային Խաղաղութեան Հիմներգ»ին, որ կ’ըսէր.

Թող համայն աշխարհում՝ խաղաղութիւն լինի եւ յաւերժ գարուն. 
Թող հնչի ու թռչի Աղաւնու պէս մեր երգը ողջ աշխարհում.
Հնչի՝ դարէ դար։

2 Մարտ 2015-ին, իտալացի երիտասարդի մը մէկ հարցումին՝ հոգեւորական Ֆրանչիսկոս իր հասարակական գործիչի դիմագիծը անհերքելիօրէն պարզած է հետեւեալ խօսքերով.

«Մեծ թէ փոքր քաղաքականութեամբ զբաղիլը կարեւոր է։ Կարելի է սուրբ դառնալ՝ քաղաքականութեամբ զբաղելով…։ Անշուշտ հարց չկայ կաթողիկէ կուսակցութիւն մը հիմնելու։ Ատիկա ճիշդ ուղին չէ, փոխարէնը՝ հարկ է խառնուիլ քաղաքական պայքարին։  Կաթողիկէ մը չի կրնար բաւականանալ դիտելով պատշգամէն։ Մկրտուածները պէտք չէ վարանին ասպարէզ իջնելու՝ թէկուզ եւ քիչ մը ձեռքերը եւ սիրտը աղտոտելու գնով…։ Սխալ է ըսել՝ քաղաքականութեամբ չեմ ուզեր զբաղիլ, որովհետեւ՝ չեմ ուզեր մեղանչել։ Զբաղեցէք քաղաքականութեամբ եւ Տիրոջմէ խնդրեցէք օգնել ձեզի, որպէսզի չմեղանչէք, իսկ եթէ պատահի որ ձեռքերնիդ կեղտոտի, թողութիւն խնդրեցէք եւ՝ շարունակեցէք…»։

Այսինքն, եթէ մարդակեր գազաններու սպաննութեամբ, արիւնաներկ դառնան ձեռքերդ, խնդրէ եւ Աստուած թողութիւն կը շնորհէ։ Ուրեմն, արդար քաղաքական պայքարն ու նոյնիսկ պատերազմը ազատագրական՝ արտօնելի է եւ Աստուծոյ թողութեան կարժանանայ, յեղափոխական աստուածաբանութեան մէջ…։ Հասարակական գործիչ հոգեւորականը նաեւ ըսած է.

«Ան, որ կը հրաւիրուի ծառայութիւն բերելու կառավարելու պաշտօնին, ինքնիրեն պէտք է ուղղէ հետեւեալ հարցումները.- կը սիրե՞մ իմ ժողովուրդս, խոնա՞րհ եմ եւ մտիկ կընե՞մ ուրիշներուն կարծիքը՝ ընտրելու համար լաւագոյն ուղին»։ Ցաւատանջ հարցում մը այս երեք հարցումներուն առիթով՝ արդեօք ներկայ Հայաստանի պետական օլիկարխիկ այրերը կը համարձակի՞ն դրական պատասխաններ տալ այս կիզիչ հարցումներուն։ Երբ Ֆրանչիսկոս Պապը կըսէ, թէ «Կարելի է սուրբ դառնալ քաղաքականութեամբ զբաղելով», անշուշտ նկատի ունենալով՝ Սիմոն Պոլիվարի, Չէ Կեվարայի, Ֆիտէլ Քասթրոյի կամ Հիւկօ Չաւէզի կերպարները, իսկ Հայոց Պատմութենէն մենք կրնանք նկատի ունենալ հետեւեալ աշխարհականները՝ Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Վարդան Մամիկոնեան, Ս. Սմբատ Զարեհավանեցի, Ս. Իսրայէլ Օրի, Ս. Յովսէփ Էմին, Ս. Անդրանիկ Օզանեան, Ս. Ստեփան Շահումեան, Ս. Ալեքսանտր Միասնիկեան, Ս. Աղասի Խանճեան, Ս. Մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեան, Ս. Միսաք Մանուշեան, Ս. Հրանդ Տինք եւ ուրիշներ ալ։ 

Նաեւ՝ Ֆրանչիսկոս հոգեւորականին կերպարը յիշեցնող հայ հոգեւորականներ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ղեւոնդ Երէցի, Խրիմեան Հայրիկի, Ղեւոնդ Ալիշանի, Գարեգին Յովսէփեանցի, Օրմանեան Պատրիարքի, Վազգէն Ա. Հայրապետի եւ ուրիշներու կերպարները:

Հոգեւորական Ֆրանչիսկոս հասարակական գործիչը կողմնակից է ոչ միայն քաղաքական, այլեւ՝ ընկերային ազատագրութեան, երբ կըսէ. «Դրամն է որ կը ստեղծէ անհաւասարութիւնը, որ գոյութիւն ունեցող չարիքներուն մեծագոյնն է։ Ասիկա կըսեմ՝ առանց թելադրուած ըլլալու մարքսականներէն, քանի որ համայնավարներն են որ կը մտածեն Յիսուսի նման։ Յիսուս խօսեցաւ ընկերութեան մը մասին, ուր որոշում կայացնողները՝ աղքատներն են, կարօտեալները եւ լքեալները»։

«Դրամ»ը դրամատէր դասակարգին աստուածն է եւ խորհրդանիշը։ Եւ Ֆրանչիսկոս ճիշդ կըսէ, թէ «Համայնավարներն են որ կը մտածեն Յիսուսի նման», ոչ հակառակը՝ քանի որ համայնավարներն ալ կըսեն, թէ Յիսուս առաջին համայնավարն էր, բայց իրենք կը գործածեն պիպլիական հին՝ հազարամեայ բառապաշարէն շատ տարբեր՝ արդիական բառապաշար մը, պահպանելով հանդերձ Յիսուսի գլխաւոր պատգամները, մերժելով գործածել եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին նենգափոխուած բառապաշարն ու միջնադարեան դպրական (scolastique) բարոյականը, քանի որ էսթապլիշմէնթը՝ զինակիցը եւ դաշնակիցը եղաւ տիրող աւատապետական ու դրամատիրական դասակարգերուն, եւ՝ նախախնամութեան վերագրեց անհաւասարութիւնը մարդոց միջեւ։ (Այս մասին տեսնել Eric Fromm-ի The Dogma of Christհատորը, Ս. Օգոստինոսի «Աստուծոյ Քաղաքը»՝ Գիրք 19-րդ, գլուխ 15, ուր ըսուած է. «Ստրկութիւնը՝ Բարձրեալէն սահմանուած պատիժ մըն է, սկզբնական մեղքին համար» եւ՝ Սբ. Թովմաս Աքուինացի Summa Theologicaգիրքին Հարցում 57-րդի 3-րդ յօդուածը, որ կըսէ. «Ստրկութիւնը մարդոց մէջ բնական երեւոյթ է», եւ՝ 1931 թ. Պապական Quadragessima Annoկոնդակը, որ կըսէ. «Աշխատաւորները առանց սրդողելու պարտին ընդունիլ սրբազան նախախնամութեան կողմէ իրենց համար որոշուած դիրքն ու տեղը ընկերութեան մէջ»)։

Այս օրուան աշխարհին մէջ ապրող մարդոց՝ Ֆրանչիսկոս Պապը կուղղէ՝ ի շարս այլոց, հետեւեալ երկու պատգամները.

Առաջինը՝

«Մեր թելադրութիւնը պատերազմի մէջ գտնուող աշխարհին՝ եղբայրութիւնն է ժողովուրդներու միջեւ, հաղորդակցութիւնը՝ մարդոց միջեւ, եւ ընտանիքին անաղարտ պահպանումը։ Ապրիլ առանց յոյսի ու երազներու, մարդու ամէնէն գէշ հիւանդութիւններէն մէկն է։ Անդամալուծութիւնը եւ անտարբերութիւնը մեզ կը զրկեն կեանքի գեղեցկութենէն։ Եթէ մենք ծուլանանք ու չմասնակցին հասարակութեան կեանքին, ուրիշները կըլլան մեր քաղաքական ճակատագիրը որոշողները»։

Ժողովուրդներու եղբայրակցութիւնը լոկ կրօնաբարոյական քարոզի նիւթ չէ, այլ՝ քաղաքա-լինելութեան պատգամ, զոր կը դաւանին համայնավարները, ազգային եւ ընկերային ազատագրութեան պայքարի մարտիկները, նաեւ՝ ամենազգի մեծ տեսանող մտաւորականները, որոնց շարքին հայազգի Վահան Թէքէեան, որ իր «Երբ Օրը Գայ Վերջապէս» խորագրեալ մէկ նախադասութեամբ քերթուածին մէջ կը գրէ. 

Երբ օրը գայ վերջապէս 
Եւ ըլլայ մարդը մարդուն՝ 
Վայելքի մէջ ի հարկին, 
Զրկանքի՛ ալ՝ հաւասար
Ուղղէ միայն բնութեան՝
Գոհութիւն կամ դառնութիւն,
Նմանին ոչ յարգուրդին
Կամ՝ նօթութեանն իր համար,
Երբ ալ շղթան՝ փոխանցման
Ըլլայ ու ոչ կաշկանդման.
Ուժին հետ խելքն ու
Խելքին հետ վազէ սէրը նաեւ՝
Բոլոր ազգերն իրարու
Զօդող սիրոյ կապին այդ վրան,
Ու կազմէ Մէկ Ընտանիք՝
Մէկ աշխարհին այս վերեւ
Երբ հիմա մօտ՝ մօտեցած
Այդ արշալոյսը ծագի,
Գիտեմ ես ցեղ մը ցրուած
Ամբողջ երեսը երկրի,
Որուն բոլոր դամբաններն
Ու օրրանները բոլոր
Պիտի յանկարծ արթննան
Պիտի գոչեն հրճուանքով՝
Հայրն իր Որդւոյն
Որդին Հօր՝
Թէ ալ կրնայ մին ապրիլ
Եւ միւսն հանգչիլ՝ ապահով։

Երկրորդը՝

«Այսօրուան աշխարհը ձեզմէ կը պահանջէ Պատմութեան դերակատարները ըլլալ, ոչ՝ կրաւորական ենթակաները։ Կեանքը գեղեցիկ է այնքանով որքանով որ կուզենք զայն ապրիլ՝ անոր վրայ հետք մը ձգելով։ Այսօր Յիսուս ձեզ կը հրաւիրէ հետք մը ձգելու ձեր եւ ուրիշներու պատմութեան մէջ։ Կամուրջներ կառուցանեցէք, ձեռքեր սեղմեցէք, հիմա ստեղծեցէք՝ եղբայրական մեծ կամուրջ մը ժողովուրդներու միջեւ»։

Այս համաշխարհային եղբայրակցութեան նախատիպարը չէ՞ր բազմազգ ու բազմակրօն Սովետ Միութիւնը։ Ասոր մանրանկարը չէ՞ր չքնա՜ղ Եուկոսլաւիանզոր քարուքանդ ըրին նոր բաբարոսները՝ Արեւմուտքի իմփերիալիստները, որոնք աւելի քան վեց տարիներէ ի վեր կը փորձեն նոյնպէս քարուքանդ ընել՝ բազմազգ ու բազմակրօն Սուրիան ալԱրեւմուտքի բարբարոսներուն միանալով նաեւ՝ Բանթուրքիզմի, Սիոնիզմի եւ քարիւղային Արաբիոյ Ծոցի բարբարոսները։ Համաշխարհային եղբայրակցութիւնը կը պահանջէ՝ քաղաքակրթական աւելի բարձր մակարդակ մը քան՝ դրամատիրութիւնը, այսինքն՝ Սոցիալիզմ։ Նախկին սովետահայ քաղաքացին այսօր կըսէ. «Սոցիալիզմը լեցնում էր Հայաստանը, կապիտալիզմը՝ պարպում է։ Սոցիալիզմը տալիս էր, կապիտալիզմը՝ առնում է։ Սոցիալիզմը զօրացնում էր հայկականութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, կապիտալիզմը տկարացնում է հայկականութիւնն ու հայրենասիրութիւնը»։ Վերջապէս, հոգեւորական Ֆրանչիսկոսի հասարակական դիմագիծը ուրուագծող այս ակնարկը կեզրափակուի խորապէս ցաւատանջ սա հարցումով՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաները պիտի կարողանա՞ն հաղորդուիլ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի կամ Ֆրանչիսկոսի բարոյական ու քաղաքական «ճաշակ»ով, գէթ ներկայի շրջադարձային ժամանակներուն մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին