Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Պոլսահայ Երեխաները Թրքական Դպրոց Տանիլը Քաղքենիութեան Հետեւանք է . Էսդուգեան

Նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն նոր անակնկալներու փոխարէն նոր տհաճութիւններ կը խոստանայ: Տեղի հայկական  վարժարաններէն շատերը ուսումնական տարին պիտի սկսին առանց առաջին դասարանի աշակերտներու: Կարգ մը դպրոցներ ալ չեն կրցած հոգալ իրենց ֆինանսական խնդիրները:

Ըստ «Sputnik»-ի՝ Պոլսոյ հայկական  «Ակօս» պարբերականի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ էսդուգեանի խօսքով` խնդիրը ոչ թէ երեխաներու թիւի նուազումն է, այլ՝ անոնց թրքական դպրոցներ տանիլը: Այս սպառնալիքը առկայ է եւ կը սկսի մանկապարտէզներէն:  «Եթէ առաջ ծնողները կը նախընտրէին երեխան նախ հայկական վարժարան տալ, յետոյ միայն` օտար, որպէսզի հայերէնի հիմքերը ամուր ըլլային, հիմա մօտեցումը փոխուած է:  Ինչ որ, ի հարկէ, մերժելի եւ պախարակելի է»:

Օտար վարժարաններ ընտրելու պատճառը, Էսդուգեանի համոզմամբ, քաղքենիութիւնն է ու միայն քաղքենիութիւնը: Միւս բոլոր թուարկուող պատճառաբանութիւնները` կապուած կրթութեան որակի կամ դասագիրքերու պակասի հետ, ուղղակի այդ քաղքենիութեան ու օտարամոլութեան արդարացումներ են: Վերջին տարիներուն Սփիւռքի  նոր սերունդին մէջ հայկական ամէն ինչէն հեռանալու, օտարանալու մոլուցք կայ, կը նկատէ  հայկական պարբերականի խմբագիրը: Անոր խօսքով` ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ սերունդը կ’օտարանայ հայկականէն, հայոց լեզուէն: «Անոնց հիմնական մասը արդէն հայախօս չէ: Իսկ մայրենին կը սկսի ոչ թէ մանկապարտէզէն կամ դպրոցէն, այլ տունէն`  մօրմէն, հօրմէն ու ընտանիքէն: Բայց մեր ընտանիքներուն մէջ, ցաւօք, սկսած է իշխող լեզուն թուրքերէնը ըլլալ, անգլերէնը կամ, ըսենք, ռուսերէնն ու ֆրանսերէնը», կ’ըսէ ան ու կ’աւելցնէ, որ կ’ըլլայ նաեւ դէպքեր, երբ խառն ամուսնութիւններու արդիւնքով ծնած երեխան կը սկսի խօսիլ հայերէն` ունենալով օտար ազգի մայրիկ: Աւելին` հայերէն կը խօսին նաեւ այլազգի մայրիկը:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը մասնաւոր են, 3-ն ալ կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին