Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Յղութեան Արհեստական Ընդհատումները Նուազած են

«Հայաստանի ժողովրդագրութեան եւ առողջապահութեան հարցերու հետազօտութիւն. 2015­-16 թուականներ» զեկոյցին համաձայն` 2015-­16 թուականներուն յղութեան 69 տոկոսը աւարտած է կենդանի ծնունդով, 29 տոկոսը` յղութեան արհեստական ընդհատումով, իսկ 9 տոկոսը վիժումով կամ մեռելածնութեամբ:

Ըստ «Armenpress.am»-ի, զեկոյցի շնորհահանդէսի ժամանակ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Կարինէ Սարիբէկեան նշած է, որ նախորդ տարիներուն համեմատ անիկա էականօրէն նուազած է: «Համեմատութեան համար նշեմ, որ Հայաստանի ժողովրդագրութեան եւ առողջապահութեան հարցերու 2000 թուականի հետազօտութեան համաձայն` յղութեան արհեստական ընդհատումները կազմած են 55 տոկոս, 2005 թուականին` 45 տոկոս, իսկ 2010 թուականին` 29 տոկոս»,-­ըսած է Սարիբէկեանը:

Զեկոյցին համաձայն` յղութեան ելքերը կը փոխուին ըստ մարզերու` Սիւնիքի մէջ յղութեան 4 տոկոսը աւարտած է անոր արհեստական ընդհատումով, իսկ Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 57 տոկոսը:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետին խօսքով` հետազօտութեան նախորդող 3 տարիներուն ընթացքին կատարուած յղութեան արհեստական ընդհատումներուն երկու երրորդը կապուած եղած է այն փաստով, որ կինը այլեւս չի փափաքիր երեխաներ ունենալ, իսկ 8 տոկոսը կապուած է պտուղի արատներ ունենալու վտանգով, 8 տոկոսի պարագային, իբրեւ պատճառ նշուած է սեռի ընտրութիւնը, իսկ 7 տոկոսի պարագային` մօր առողջութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին