Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Արցախ Այցելած Փորթուկալցի Երեսփոխանը՝ Պաքուի «Սեւ Ցանկ»ին Վրայ

Ազրպէյճանի մօտ Փորթուկալի դիւանագիտական գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Հորհէ Կապրիէլ 28 Օգոստոսին կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր բողոք ներկայացուած է Փորթուկալի խորհրդարանի անդամ Ռուպինի Պերարտինի դէմ՝ վերջինիս «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ ապօրինի այցելութեան» կապակցութեամբ:

Ակնարկութիւնը կ’երթայ երեսփոխանին անցեալ շաբաթ Արցախ կատարած այցին։

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է, որ փորթուկալցի երեսփոխանը արդէն իսկ ներառուած է Պաքուի «սեւ ցանկ»ին մէջ՝ իբրեւ անբաղձալի տարր։

Հաւատարմատարը իր կարգին յայտնած է, որ այդ այցը պաշտօնական բնոյթ չէ ունեցած, եւ թէ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած է յայտարարութիւն մը, որ երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ Լեռնային Ղարաբաղ չայցելել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին