Հայաստանը, աշնան, ԵՄ-ի հետ պիտի ստորագրէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին յայտնած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան` «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ` պատասխանելով բանակողներու հարցերուն:
«Այո՛, մենք աշնան պիտի ստորագրենք զայն: Ինչո՞ւ այսպիսի համոզուածութեամբ կ’ըսեմ, որովհետեւ փաստաթուղթը արդէն իսկ նախաստորագրուած է: Մենք, եթէ չեմ սխալիր, Մարտին յայտարարեցինք, որ փաստաթուղթը արդէն, ընդհանուր առմամբ, բանակցուած է, եւ անկէ ետք նախաստորագրեցինք: Մենք այդ փաստաթուղթը չստորագրելու որեւէ պատճառ չունինք»,- նշած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը նաեւ նշած է, որ որոշ` յատկապէս օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու փորձերը, 2013-ի Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու Հայաստանի որոշումը «մէկ գիշերուան մէջ կայացուած որոշում» ներկայացնելու մասին՝ անհիմն են եւ պարզապէս ծիծաղելի:
«Մենք կը բանակցէինք ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ, ե՛ւ Եւրոմիութեան հետ, որովհետեւ ի սկզբանէ երկու կողմն ալ կ’ըսէին, որ մէկը միւսը չի խանգարեր: Բայց, երբ Եւրոմիութիւնը ըսաւ` կը խանգարէ, մենք ի՞նչ պէտք է ընէինք»,- ըսած է Հանրապետութեան Նախագահը: