Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Կեանքէն Հեռացած է Ֆրանասահայ Բեմադրիչ Ալէն Պէրպէրեան

Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս կը փոխանցէ հետեւեալը.

«Ալէն Պէրպէրեան իր 63 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ: Ան անմոռանալի էր «Վախերու Գիւղը» (La Cite de la Peur) եւ «Ոչինչները» (Les Nuls) ֆիլմերով: Ան ծնած էր Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, 1953ին: Հայրը հայ էր, մայրը՝ յոյն: Իր եղբայրը՝ Շարլ յայտնի արուեստագէտ էր։

Աւարտելէ ետք սինեմաթոկրաֆիի մասին մասնագիտութիւնը՝ Ալէն Պէրպէրեան յաջողած էր ընդունուիլ Ֆրնասայի նշանաւոր «Canal+ TV» կայանը: Այնտեղ ծանօթութիւններ ունեցած էր եւ սկսած էր արդէն իսկ նկարելու երգիծական ֆիլմեր, որոնք մեծ յաջողութիւն գտած էին: «Le Boulet» (համաբեմադրուած էր Ֆրետերիք Ֆորեսթիէի հետ), «L’Enquete corse», «L’ile aux tresors» եւ «Les Nuls» խորագիրը կրող ժապաւէնները մեծ յաջողութիւն գտած էին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին