Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Երեւանն ՈՒ Մոսկուան Յուսալի Դաշնակիցներ Են. Սարգսեան Ու Փութին Շնորհաւորական Ուղերձներ Փոխանակած Են

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրի ստորագրման 20-ամեակին առիթով:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու վարչութիւը կը ներկայացնէ ուղերձը ամբողջութեամբ.

«Յարգելի՛ Վլատիմիր Վլատիմիրի,

Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրի ստորագրման 20-ամեակին առիթով:

«Անցած ժամանակահատուածը վստահօրէն կը փաստէ, որ պայմանագիրը կը համապատասխանէ եղբայրական ժողովուրդներու պատմական աւանդոյթներուն: Անիկա ամուր հիմք կը ծառայէ հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութեան հետեւողական զարգացման համար, որ կ’առանձնանայ բարձր մակարդակի աշխոյժ երկխօսութեամբ, արտաքին քաղաքական արդիւնաւէտ համակարգումով, անվտանգութեան, ռազմական եւ ռազմաարհեստագիտական ոլորտներու մէջ յաջող համագործակցութեամբ: Տարիէ տարի կ’ընդլայնուի երկկողմ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, նորարարութեան, լեռնահանքային արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ, կ’իրականացուին հեռանկարային ներդրումային ծրագիրներ, թափ կ’առնեն միջտարածաշրջանային եւ մարդասիրական կապերը:

«Մեր երկիրներու երկկողմ փոխգործակցութեան ռազմավարական բնոյթը կը բազմապատկուի միջազգային բազմակողմ եւ տարածաշրջանային հարթակներու մէջ կառուցողական գործընկերութեամբ: Երեւանն ու Մոսկուան աշխոյժ մասնակիցներ եւ յուսալի դաշնակիցներ են Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս համարկման գործընթացներու յառաջմղման լայնածաւալ խնդիրներու լուծման եւ Հարաւային Կովկասի ու ընդհանուր առմամբ ՀԱՊԿ (հաւաքական անվտանգութեան պետութիւններու կազմակերպութիւն) պատասխանատուութեան գօտիին մէջ՝ յանուն խաղաղութեան, կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովման Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ամրապնդման գործին:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսիոյ, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրի ջանքերը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործին:

«Երկկողմ յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ արձանագրուած բազմաթիւ պայծառ էջեր կան, եւ մենք բարձր կը գնահատենք այդ ընդհանուր ձեռքբերումը: Վստահ եմ, որ այս նշանակալի օրը եւ մեր երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի ամբողջ յոբելենական տարին պիտի նշանանաւորուին բոլոր ուղղութիւններով հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման համատեղ ջանքերով` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրի տառին ու ոգիին համապատասխան:

«Սրտանց կը ցանկամ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ եղբայրական Ռուսիոյ բոլոր քաղաքացիներուն` բարօրութիւն եւ բարգաւաճում»:

Վլատիմիր Փութին, իր հերթին, շնորհաւորական հեռագիրին մէջ ընդգծած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հին ու հարուստ պատմութիւնը, ուր մշտապէս եղած են երկու երկրի ժողովուրդները կապող բարեկամութեան ու փոխադարձ յարգանքի ամուր կապերը:

«1997 թուականի պայմանագիրը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջպետական յարաբերութիւններու ժամանակակից փուլի սկիզբը դրած է: Նման կարեւոր փաստաթուղթի ստորագրումը պայմաններ ստեղծած է քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման, առեւտրա-տնտեսական, գիտա-արհեստագիտական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան որակական աճի համար»,- ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը:

 Ան բարձր գնահատած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացումը, որ նախորդ երկու տասնամեակներուն հասած է դաշնակցային փոխգործակցութեան մակարդակի. Մոսկուան եւ Երեւանը արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցին եւրասիական համարկման գործընթացներու ծիրէն ներս, կը համակարգեն իրենց ջանքերը տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման նպատակով:

Ռուսիոյ նախագահը վերահաստատած է պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համատեղ աշխատանքները հայ-ռուսական կապերու ողջ համալիրի յետագայ զարգացման համար` ի շահ եղբայրական երկու երկրի ժողովուրդներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին