Դադիվանքի վանական համալիրի փոքր գմբէթաւոր եկեղեցւոյ վերականգման նախագիծին ծիրէն ներս սկսած է հնագիտական պեղումներու գործընթաց:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանը:
«Հնագիտական պեղումներուն գործընթաց սկսած ենք` հետաքրքրական եւ արժէքաւոր բացայայտումներու սպասումով»,- գրած է ան: