Կարծախ գիւղին մէջ, 27 Օգոստոսը, նշանաւոր դարձաւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացումով: Նախորդ տարի բացուած էր թանգարանին ցուցասրահը, իսկ այս տարի` յուշային մասը: Տօնական օրը սկսաւ գիւղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով:
Հանդիսապետութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի եւ մասնակցութեամբ Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի, օրուան պատարագիչն էր Կարծախ գիւղի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանը: Պատարագին ներկայ էին ՀՀ ժողովրդական արտիստ Ռուբէն Մաթեւոսեանը, ՋԱՀ-ի հոգեբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանը, ՋԱՀ-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը, Ախալքալաքի շրջանային վարչութեան մշակոյթի բաժինի ղեկավար Վալերի Ստելմաշովը, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը եւ այլոք:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի` հիւրերը այցելեցին ՋԱՀ-ի կողմէ կառուցուած եւ բարեկարգուած Ջիւանիի տուն-թանգարան եւ մասնակցեցան բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ այլ հիւրեր:
Այնուհետեւ, գիւղի յարակից բլուրին վրայ, տեղի ունեցաւ դաշտահանդէս եւ հիւրասիրութիւն:
Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական
փոխանորդութեան մամլոյ դիւան