*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Արուեստը պէտք է սորվեցնէ կամ ընդարձակէ մեր գիտութեան հորիզոնը: Մեծ արուեստը մտածել կու տայ, մեր առջեւ կը բանայ իրերու կեանքը եւ անոնց խորհուրդը: Մեզի մասնակցիլ կու տայ բովանդակ իրականութեան: Կ’ընդլայնէ մեր կամք-զօրութիւնը եւ մեր հոգիին խորութիւնը: Արուեստը վարժապետի դասաւանդութիւն չէ, այլ՝ իմաստունի թելադրանք:
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ
Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը ստեղծուած է 1972-ին, Հենրիկ Իգիթեանի կողմէ, որ 37 տարի եղած է թանգարանի տնօրէնը: Ստեղծման օրէն ի վեր թանգարան այցելած են բազմաթիւ նշանաւոր մարդիկ՝ արուեստի եւ գիտութեան հանրաճանաչ անձնաւորութիւններ: Թանգարանը ունի իր դէմքը, իր քննախոյզ հայեացքը աշխարհին, որմով ան կը տարբերի նոյնօրինակ շատ թանգարաններէ: Պատուաւոր այցելուներէն եղած են ակադեմիկոս, Էրմիթաժի տնօրէն` Պորիս Փիոդրովսքին, գրող Չինկիզ Այդմադովը, մեքսիքացի նկարիչ Տաւիտ Ալֆառօ Սիգէյրոսը, իտալացի բեմադրիչ Միքելանճելօ Անթոնիոնին, իտալացի նկարիչ Ռենադօ Կուդուզոն, իտալացի բանաստեղծ, գրող եւ սենարիստ Դոնինօ Կուերան, պոհումի թանգարանի տնօրէն Փեդըր Շփիլմանը, ինչպէս նաեւ հայ հանրաճանաչ գործիչներ` Ուիլեըմ Սարոյեանը, Տիգրան Մանսուրեանը, Աղասի Այվազեանը եւ այլն:
Այս շաբաթ, «Զարթօնք»-ը կանգ առաւ այս փոքրիկ գանձարանին մէջ: Թանգարանի ստեղծման եւ առանձնայատկութիւններուն մասին պատմեց թանգարանի տնօրէն Նունէ Աւետիսեանը: Ան ծնած եւ մեծցած է Երեւանի մէջ, ուսանած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստական ուսումնարանի գեղանկարչութեան բաժինին մէջ, ապա աւարտած է Գեղարուեստաթատերական ակադեմիայի գեղանկարչութեան բաժինը: Շատ կարճ ժամանակ դասաւանդած է Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանին մէջ: Կեանքի բերումով՝ երկար տարիներ բացակայած է Հայաստանէն, որմէ ետք վերադարձած է եւ արդէն եօթը տարի է կը տնօրինէ Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանը:
«Ն. Ա.» -Տիկին Աւետիսեան, կը պատմէ՞ք թանգարանի ստեղծման եւ զարգացման պատմութիւնը: Ո՞վ եղած է թանգարանի հիմնադիրը:
«Զ.» – Թանգարանը ստեղծուած է 1972-ին Սովետական Միութեան ժամանակ: Թանգարանի հիմնադիրը եղած է արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանը: Այդ ժամանակ, թանգարանի ստեղծման գործին մէջ, Հենրիկ Իգիթեանը մեծ աջակցութիւն ստացաւ Երեւանի այն ժամանակուան քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեանէն: Հենրիկ Իգիթեանը կրցաւ ստեղծել թանգարան մը, որ դարձաւ նմանատիպ առաջին թանգարանը Սովետական միութեան մէջ եւ յետագայ քսան տարիներուն ընթացքին՝ մնաց միակը: Ժամանակակից արուեստի թանգարանը նշանակալից է այն բանով, որ Սովետական միութեան ժամանակաշրջանին արուեստը ուղղուածութիւն ունէր, այսինքն պէտք է ըլլար յատուկ թեմայով, յատուկ ձեւով, որմէ դուրս արուեստը չէր ընդունուեր եւ չէր ներկայացուեր: Շատ յայտնի է 1973-74 թուականներուն Մոսկուայի մէջ կայացած աւանգարդիստներու ցուցահանդէսը, որուն ժամանակ նկարիչները փորձեցին դուրսը ներկայացնել իրենց նկարները, սակայն, ամբողջը չընդունուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ: Քանի որ մենք տաղանդաւոր ժաղովուրդ ենք եւ արուեստի բոլոր ոլորտներուն մէջ ունինք մեծ տաղանդներ` գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ այլ բնագաւառնորու, այդ ժամանակուան շատ նկարիչներ, որոնց մենք այսօր կը կոչենք 60-ականներ, մտերիմ էին եւ ընկերներ էին Հենրիկ Իգիթեանի հետ: Երբ ան ներկայացուց թանգարան ստեղծելու գաղափարը, բոլորը պատրաստակամութեամբ նուիրեցին իրենց աշխատանքները, որպէսզի թանգարանը սկսի գործել, որովհետեւ թանգարան ունենալու համար պէտք է ունենաս համապատասխան քանակով հաւաքածոյ: Շատերը հաւատալով, շատերը չհաւատալով, բայց պատրաստակամ՝ բոլորը նուիրեցին իրենց նկարները եւ այս նուիրատուութիւններուն հիման վրայ ստեղծուեցաւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանը: Այս տարի մենք նշեցինք թանգարանին 45-ամեակը: Յետագային, 90-ականներուն, Հենրիկ Իգիթեանը յայտնաբերեց նոր սերունդ: Ան բացառիկ անձնաւորութիւն էր եւ տասնեակի մէջ կրնար ընտրել մէկը, եւ յետագային ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ան չէր սխալած: Ժամանակի ընթացքին թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ 80-ականներու նկարիչներու նուիրատուութիւններով` Սարգիս Համալբաշեանի, Արթուր եւ Արարատ Սարգսեաններու, Մարինէ Տիլանեանի, Ալպերթ Յակոբեանի, Սամուէլ Պաղտասարեանի, Արեւիկ Արեւշատեանի, Ռուբէն Գրիգորեանի, Կամօ Նիկարեանի, Արմէն Գէորգեանի, Տիգրան Մատուլեանի, Թենի Վարդանեանի, Գաբրիէլ Մանուկեանի, Նինա Խեմչեանի, Այվազ Աւոյեանի եւ ուրիշներու: Անոնց հաւաքածոները մտան մեր հիմնական հաւաքածոյին մէջ եւ ներկայացուած են թանգարանի այցելուներուն: Ցաւօք սրտի, արդէն 9 տարի է, որ Հենրիկ Իգիթեանը մեզի հետ չէ եւ մենք կը փորձենք շարունակել իր աւանդոյթը, իր դրուածքը՝ կը գտնենք նոր անուններ, նոր նկարիչներ: Այս տարիներուն ընթացին՝ շարունակելով աւանդոյթը՝ նուիրատուութիւններու հիման վրայ, քանի որ մենք հնարաւորութիւն չունինք գնելու նկարներ, թանգարանը համալրուած է 300-է աւել հաւաքածոներով:
«Ն. Ա.» -Իսկ ի՞նչ ըսել է ժամանակակից արուեստ, ի՞նչ փուլի հասած է անիկա Հայսատանի մէջ: Սփիւռքը ի՞նչ ներդրում ունի թանգարանին մէջ:
«Զ.» – Ժամանակակից կը համարուի այն, որ կը ստեղծէ նոր բան մը, որ կը կոչեն մօտըրն (modern): Ժամանակակից եւ մօտըրն (modern) հասկացութիւններուն միջեւ փոքր տարբերութիւն մը կայ: Ժամանակակիցը անգլերէնով նշուած Contemporary art-ին մէջ մտնող նոր ստեղծուած աշխատանքն է եւ մենք զայն կը ցուցադրենք թանգարանին մէջ, իսկ մօտըրնը՝ նոր ոճն է, նոր ուղղութիւնը, այսինքն ժամանակին, երբ եղան վերացականը կամ տպաւորապաշտը, անոնք բոլորը modern էին` ընդունուած որեւէ կաղապարէ դուրս եկած ուղղութիւններ: Այսօր մենք վերացական նկարիչներ ունինք, որոնց մէջ առաջիններէն էին Սէյրան Խաթլամաջեանը, Վարդան Թովմասեանը, որոնք Հայաստանի մէջ սկիզբ դրած էին այս ոճի նկարչութեան: Թանգարանին մէջ, մասնաւորապէս, ներկայացուած են հայ նկարիչներու աշխատանքներ ամբողջ աշխարհէն, այսինքն ո՛չ միայն անոնք, որոնք ծնած ու մեծցած են Երեւան, այլ նաեւ անոնք, որոնք կ’ապրին Սփիւռքի մէջ`Ֆրանսա, Սպանիա, Ամերիկա եւ այլն: Սփիւռքի մեր տաղանդաւոր նկարիչները իրենց գործերը սիրով նուիրած են մեր թանգարանին: Ստեղծման օրէն ի վեր՝ թանգարան այցելած են բազմաթիւ նշանաւոր մարդիկ, արուեստի եւ գիտութեան հանրաճանաչ անձնաւորութիւններ: Բոլորին կողմէ նշուած է այն փաստը, որ թանգարանը ունի իր դէմքը, իր քննախոյզ հայեացքը աշխարհին, որմով ան կը տարբերի նոյնօրինակ շատ թանգարաններէ:
«Ն. Ա.» -Ի՞նչ ցուցասրահներ ունի թանգարանը: Ի՞նչ ցուցահանդէսներ տեղի կ’ունենան թանգարանին մէջ:
«Զ.» – Մենք ունինք միայն մէկ հիմնական ցուցասրահ, որ կը գտնուի շէնքին վերջնամասը, իսկ միւսը դիմացը, որ նախատեսուած է ցուցահանդէսներու համար: Տարուան ընթացին կ’ունենանք 23-24 ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսները կ’ըլլան թէ՛ խմբային, թէ՛ անհատական, կը մասնակցին թէ՛ արտերկրէն, թէ՛ Հայաստանէն: Երբ, որ նկարիչը ցանկութիւն կը յայտնէ մեր մօտ ներկայանալու, ատիկա կը քննարկուի՝ կը նայինք աշխատանքները եւ եթէ համաձայնութեան գանք, այդ նկարիչը կը ներկայացաուի թանգարանին մէջ։ Մեր ունեցած հաւաքածոներէն՝ այսօր ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են ընդամէնը 10%-ը, այսինքն մնացածը պահոցներուն մէջ են: Երբեմն կ’ընենք պահոցի ցուցահանդէսներ, բայց ատիկա բաւարար չէ, ցանկալի պիտի ըլլար, որ մենք ունենայինք քանի մը ցուցասրահ` նախ առանձին շէնք, որովհետեւ նախագիծեր կան, որոնց ներկայացման համար անհրաժեշտ է ամբողջ տարածք մը։ Մենք արդէն երկու տարի է կ’աշխատինք նաեւ Հայկանոյշ Դանիէլեանի գեղարուեստի դպրոցի սաներուն հետ, իրենց հետ՝ շատ յաճախ՝ թանգարանին մէջ դասեր կ’իրականացնենք։ Քանի որ թանգարանը քիչ մը «խուլ» տեղ է, պզտիկներուն հետ որոշեցինք ընել էսքիզներ, թանգարանի փողոցին նայող պատին, որպէսզի անցնող մարդիկ տեսնեն եւ իմանան մեր թանգարանին մասին: Պզտիկները մէկ շաբաթ աշխատեցան, եւ Յունիս 1-ին` փոքրիկներու պաշտպանութեան օրը, կրցան աւարտել զայն: Մենք ունինք մէկ մասնաճիւղ Ղափանի մէջ, ուր ներկայացուած է մեր հաւաքծոյին մէկ մասը: Որքան տեղեակ եմ, ժամանակակից արուեստի թանգարան կայ նաեւ Կիւմրիի մէջ, բայց ատիկա մեր մասնաճիւղը չէ: Մեր թանգարանին առանձնայատկութիւնը իր հաւաքածոյին մէջ է:
«Ն. Ա.» -Տպագրական ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի թանգարանը: Ի՞նչ ալպոմներ հրատարակուած են վերջին տարիներուն ընթացքին:
«Զ.» – Տպագրական վերջին աշախատանքը եղած է «Ժամանակակից արուեստի թանգարան» գիրքի երկրորդ հատորին հրատարակութիւնը: Առաջին հատորը տպագրուած է թանգարանի 40-ամեակին, որ ամբողջութեամբ պատրաստած էր Հենրիկ Իգիթեանը, ցաւօք սրտի առաջին հատորի տպագրութեան ժամանակ ան արդէն մեզի հետ չէր: Իսկ երկրորդ հատորին համար՝ Հենրիկ Իգիթեանը ընդամէնը ձգած էր ցուցակ, թէ ինչ նկարիչներ պէտք է ներգրաւենք, եւ մենք մեր պարտքը համարեցինք եւ քանի որ այս տարի իր 85-ամեակն էր, տպագրեցինք երկրորդ հատորը: Տպագրական առումով մեր մօտ կը տպուին օրացոյցներ, բացիկներ: Հիմա կ’աշխատինք այդ երկու հատորներու սեղմ տարբերակի տպագրութեան վրայ, որպէսզի այցելուներուն համար աւելի դիւրին ըլլայ ձեռք բերել զանոնք եւ ծանօթանալ մեր հաւաքածոներուն: Այս եօթը տարուան ընթացին բաւական շատցած են այցելուները: Երբ նոր սկսած էի տնօրինել թանգարանը, ամիսը տասը մարդ հազիւ կ’այցելէր, իսկ հիմա կ’ունենանք մօտ 400 այցելու, նոյնիսկ տարբեր երկիրներէ` Ռուսիա, Իտալիա, Սպանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Լիբանան: Երկու տարի առաջ՝ ես ցուցահանդէսով հանդէս եկայ Լիբանանի Հայկազեան համալասրանին մէջ:
Թանգարանը կը գտնուի Երեւան, Մաշտոցի, 7 հասցէին: Ել. փոստ` yerevanmodernartmuseum@gmail.com / կայքէջ` www.mamy.am
Հեռաձայն` (374 10) 539637 374 10) 535359