ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ երէկ ժամը 14:00-ի սահմաններուն, մեկուսացուած է «Նայիրիտ» գործարանի տարածքին բռնկած հրդեհը, կրակի տարածման վտանգ չկայ. այրող նիւթը վտանգ չի ներկայացներ:
Գործարանի տարածք մտած է շտապօգնութեան մեքենայ մը: Տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան տակաւին: Դէպքի վայր մեկնած է նաեւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիփեանը:
ԱԻՆ-ը նախապէս յայտնած էր, որ հրդեհի բարդութեան «թիւ 3» կանչով դէպքի վայր մեկնած են տասը մարտական հաշուարկ եւ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման եւ օգնող խումբերը: