Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանն ու Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուշմա Սուարաճը փոխանակած են շնորհաւորական ուղերձներ` Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը իր ուղերձին մէջ արժեւորած է անցած 25 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած ամուր միջպետական կապերու հաստատումը, նշելով որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութիւն եւ լայն իրաւապայմանագրային դաշտ:
Էդուարդ Նալպանտեանը կարեւոր համարած է վերջերս Հնդկաստանի փոխնախագահ Մոհամմատ Հայիտ Անսարիի այցը Հայաստան, որ նոր խթան հաղորդած է տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններուն` միաժամանակ համոզմունք յայտնելով, որ յետագայ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցերը էապէս կը նպաստեն երկկողմ օրակարգի ընդլայնման:
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով յղած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ, Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ սերտ յարաբերութիւնները հիմնուած են երկու հազարամեակէն աւելի պատմութիւն ունեցող պատմա-մշակութային կապերու վրայ:
Արտաքին գործոց նախարար Սուարաճը ընդգծած է Հնդկաստանի պատրաստակամութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու եւ համագործակցութեան նոր բնագաւառներու մէջ կապեր զարգացնելու ուղղութեամբ: