Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ընդունած է Աշխարհի Ախոյեաններ Արթուր Ալեքսանեանն ու Մաքսիմ Մանուկեանը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 28-ին, ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան ժամանակ ոսկէ մետալներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանը եւ աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանը եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը:

Հանրապետութեան Նախագահը շնորհաւորած է մարզիկները՝ փայլուն արդիւնքներով հայրենիք վերադառնալուն առնչութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնած իրենց յաղթանակով մեր ամբողջ ժողովուրդին ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր պարգեւելու, բարձր տրամադրութիւն հաղորդելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելու համար:

Նախագահը կարեւոր համարած է նաեւ այն հանգամանքը, որ յաղթանակած մարզիկները իրենց օրինակով ուղենիշ կը դառնան երեխաներու եւ այլ երիտասարդներու համար, որոնք կ’ոգեշնչուին, կը ձգտին նմանիլ անոնց, կը դառնան ա՛լ աւելի աշխատասէր ու նպատակասլաց:

Սերժ Սարգսեանը նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանէն եւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանէն հետաքրքրուած է հանրապետութեան մէջ ըմբշամարտի զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ստեղծման աշխատանքներուն ընթացքով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է անհրաժեշտ պարագային՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ աշխատանքները ժամանակին եւ պատշաճ կերպով իրականացնելու համար:

Հանդիպման մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են Հանրապետութեան Նախագահին մարմնակրթութեան զարգացման եւ մարզիկներու հանդէպ մշտական ուշադրութեան ու հոգածութեան համար` ընդգծելով որ ատիկա ամէն անգամ աւելի կ’ոգեւորէ եւ կը պարտաւորեցնէ հասնելու նոր յաջողութիւններու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին