Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

«Նայիրիտ» Գործարանի Տարածքին Վրայ Բռնկած Հրդեհը Մեկուսացուած է. Այրող Նիւթը Վտանգ Չի Ներկայացներ

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկութիւններով՝  երէկ ժամը 14:00-ի սահմաններուն, մեկուսացուած է «Նայիրիտ» գործարանի տարածքին բռնկած հրդեհը, կրակի տարածման վտանգ չկայ. այրող նիւթը վտանգ չի ներկայացներ:

Գործարանի տարածք մտած է շտապօգնութեան մեքենայ մը: Տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան տակաւին: Դէպքի վայր մեկնած է նաեւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիփեանը:

ԱԻՆ-ը նախապէս յայտնած էր, որ հրդեհի բարդութեան «թիւ 3» կանչով դէպքի վայր մեկնած են տասը մարտական հաշուարկ եւ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման եւ օգնող խումբերը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին