Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Սպան Հայրենիքը Պաշտպանելու Քաղաքացիական Պարտքը Մասնագիտութեան Վերափոխելու Կարեւոր Քայլ կը Կատարէ. Վիգէն Սարգսեան

Երբ սպան կ’ընտրէ իր մասնագիտութիւնը, կը կատարէ հայրենիքը պաշտպանելու քաղաքացիական պարտքը մասնագիտութեան վերափոխելու շատ կարեւոր քայլ մը: Այս մասին, այսօր, Սարդարապատի մէջ ռազմական հաստատութիւններու շրջանաւարտներուն հաւաստագիր տրամադրելու հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ, ըստ «Tert.am»-ի, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

«Կը կարծեմ` մեր շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած այս ձեռնարկները ցոյց տուին, որ այդ մասնագիտութիւնը կ’ընտրեն շատ արժանապատիւ, շատ պինդ, շատ հայրենասէր տղաներ եւ աղջիկներ, որոնք որոշած են իրենց ողջ կեանքը կապել հայրենիքին ծառայելու սրբազան գործին հետ»,- ըսած է նախարարը:

Անոր խօսքով` մենք իբրեւ հասարակութիւն, իբրեւ պետութիւն, պարտական ենք սպաներուն: Անոնց ամէնօրեայ աշխատանքը, ծառայութիւնը մեր երկրի անդորրն ու խաղաղութիւնն են. «Այս օրերուն, կը կարծեմ, մեր ողջ ժողովուրդը համախմբուած բարի ծառայութիւն, խաղաղ ծառայութիւն կը մաղթէ տղաներուն: Իսկ ես, իբրեւ պաշտպանութեան նախախար, իրենց մաղթած եմ յաղթական եւ հպարտ ծառայութիւն»,- ըսած է նախարար Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին