ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Հայաստան կեցութեան իր օրերուն՝ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Ռոմէն Գոզմոյեանի հետ: Ան ծնած է 1937-ին, Երեւան: Մասնագիտութեամբ իրաւաբան է: Աշխատած է Կոմկուսի Երեւանի Սպանդարեանի շրջանային կոմիտէութեան մէջ, ապա մեկնած է Մոսկուա` դիւանագիտական ակադեմիա, որ աւարտելէ ետք, աշխատած է Մոսկուայի մէջ։
1968-ին Երեւանի մէջ աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութեան մէջ, իբրեւ բաժինի վարիչ, ապա՝ նախագահի տեղակալ: 1980-ին գործուղղուած է Լիբանան, ուր մինչեւ 1985, աշխատած է Պէյրութի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան մէջ` երկրորդ քարտուղարի պաշտօնով, եւ մինչեւ հանգիստի անցնիլը շարունակած աշխատիլ նոյն կոմիտէին մէջ, իբրեւ նախագահի տեղակալ:
Մտերմիկ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ կայացող այս հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին զիրենք յուզող ազգային հին ու նոր հարցեր:
Պրն. Գոզմոյեան դրուատիքով խօսեցաւ «Զարթօնք»ի մասին: Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Ինծի համար «Զարթօնք» Սփիւռքի առաջին շարքի մէջ մտնող թերթերէն մէկն է, որ թթուածինի նման պէտք էր ո՛չ միայն դուրսը, այլ՝ Հայաստանի մէջ եւս: Լիբանանահայ թերթերու պարագային եթէ ընդունինք, որ «Արարատ»-ը սոցիալ դեմոկրատական թերթ էր եւ Սովետական միութեան ժամանակ ընդունուած էր, «Զարթօնք»-ը լիպերալներու թերթ էր, այդուհանդերձ Սովետական իշխանութիւնները այդ թերթը թոյլ կու տային, որ Հայաստան մուտք գործէ, որովհետեւ իր գաղափարախօսութենէն բացի անոր մէջ շեշտուած էր հայրենասիրութիւնը»:
Խօսելով արհեստագիտութեան օգնութեամբ «Զարթօնք»ի եւ ընդհանրապէս մամուլի տարածումին մասին, Պրն. Գոզմոյեան խոստովանեցաւ, որ այդ մէկը իր մարզը չէ, ան համացանցը «հրաշք» որակեց, աւելցնելով որ «եթէ Ժիւլ Վէրնի նիւթերը ատենին գիտական ֆանթազիներ էին, ապա այսօրուան համացանցը՝ անոր իրականն է»:
Հակառակ Պրն. Գոզմոյեանի յառաջդիմական աշխարհայեացքին, ան առ այսօր բջիջային հեռախօս չի գործածեր: Ան իրեն յատուկ մտերմիկ հիւմըրով այս մասին խօսելով ըսաւ, որ կ՛ապրինք այնպիսի օրեր ուր օրիժինալ ըլլալու շատ բան չմնաց: «Բջիջային հեռախօս չգործածելս ալ իմ օրիժինալութիւնս է այսօր» զուարճախօսեց ան:
«Զարթօնք»ի հին բարեկամը յուզումով յիշեց Պէյրութ իր պաշտօնավարութեան շրջանին թերթին հետ իր կապը: Իր սկզբունքներուն հաւատարիմ այս Հայը մեծ խանդավառութեամբ յիշեց «Զարթօնք»ի ամենահամեստ նուիրեալը՝ թերթին երկար տարիներու ցրուիչ՝ «ատենապետ»ը, որ պերէ գլխարկը գլխին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափին տակ չես գիտեր ինչպէս առաւօտ կանուխ «Զարթօնք» կը հասցնէր իր ընթերցողներուն: Յակոբեան իր կարգին մեծ եռանդով խօսեցաւ պատանեկան օրերու իր յուշերուն մէջ դրոշմուած նմանօրինակ անձերու մասին, որոնց շարքին նաեւ այլ համեստ պաշտօնեաներու մասին՝ իւրաքանչիւրը մէկական երեւոյթ հանդիսացող՝ կապարով գիր ու տող շարող գրաշարները, որոնք ինչպէս իրենց հին մեքենաները. կային… ու ցաւօք՝ ալ չկան…:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին նաեւ Պէյրութի ներկայ վիճակը եւ ապագայի հետ կապուած սպասելիքները:
Պրն. Գոզմոյեան մտահոգ է Հայ Սփիւռքի ապագայով: «Որքան ալ Պէյրութը մնայ Սփիւռքի առաջատարը, ցաւալիօրէն ան շա՜տ շա՜տ դատարկուած է». ըսաւ ան: «Երբ, որ խօսք կ՝ըլլայ Հայրենիքի մէջ որեւէ բան ունենալու մասին, ես միշտ կը յիշեմ Երուանդ Պապայեանը, որ Պէյրութէն մեկնեցաւ Ամերիկա եւ այնտեղէն ինծի նամակ գրեց» հաստատեց Պրն. Գոզմոյեան: Շարունակելով իր յուշերը Պրն. Գոզմոյեան պարզաբանեց նամակի բովանդակութիւնը: Երուանդ Պապայեան Պրն. Գոզմոյեանին գրած էր. «Պարոն Գոզմոյեան, Ամերիկա հասած եմ: Բացառիկ հանգիստ կեանք է այստեղ, զաւակներուս, թոռնիկներուս մօտ եմ, սակայն կարօտով կը յիշեմ պէյրութեան պատերազմի օրերը»: Ես ալ իրեն պատասխանեցի ըսաւ Պրն. Գոզմոյեան. «Պարոն Պապայեան, գոնէ պատերազմը չգրէիք»: Հետաքրքրական է ըսաւ Պրն. Գոզմոյեան. «Կ’երեւի ամենակարեւորը այն էր, որ այդ շրջանին կեանքը այնքան աշխոյժ էր եւ ամենակարեւորը՝ մարդոց յոյսը, որ վաղը լաւ պիտի ըլլայ պատերազմի աւարտէն ետք՝ այդ յոյսն ալ գնաց» ցաւալիօրէն նշեց փորձառու դիւանագէտը: Ան դարձեալ վկայակոչելով Երուանդ Պապայեանը ըսաւ. «Ինչպէս կ’ըսէր Երուանդ Պապայեանը`խելօք մարդիկ Հայաստանի մէջ մէկ ոտքի տեղ պէտք է ունենան»: «Այդ ձգտումը՝ Հայաստանի մէջ գոնէ մէկ ոտքի տեղ ունենելու՝ երեւի բնազդ է մարդոց մէջ: Աստուծոյ կամքով թող երկար խաղաղութիւն ըլլայ, գաղութները չդատարկուին, բայց այնուամենայնիւ բոլորի տեղը Հայաստանն է», համոզումով շեշտեց Պրն. Գոզմոյեան:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ Պէյրութի հայկական դպրոցներու ներկայ վիճակին եւ առկայ խնդիրներուն:
«Վերջերս լսեցի, որ Պէյրութի մէջ ազգային դպրոցները միացուցած են իրարու, մինչ ուրիշներ ընդհանրապէս կը փակուին արդէն» իր մտահոգութիւնը յայտնեց Պրն. Գոզմոյեանը: Ան շարունակեց ըսելով, որ աշակերտի թիւերու նուազումով լսած է թէ Լիբանանահայ դպրոցներ կը ստիպուին, ոչ Հայ աշակերտներ ալ ներառել եւ արդէն արաբ պզտիկներ ալ կ՝ընդունին դպրոց: «Ես այն մարդը չեմ, որ դէմ ըլլամ, որ ոչ-Հայ պզտիկը յաճախէ հայկական դպրոց` ընդհակառակը»,- ըսաւ Ռոմէն Կոզմոյեանը. «Իմ խնդիրը Հայ աշակերտի թիւի նուազումի երեւոյթն է» յստակացուց Հայ Մարդը։
Յակոբեան իր կողմէ պարզեց աւելի բարդ եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը, ըսելով. «Ամենավտանգաւորը հակառակ ուղղութեամբ հոսքն է, այսինքն՝ հայկական դպրոցները կը դատարկուին, հայ աշակերտները ոչ Հայկական դպրոց կ’երթան»: «Դժբախտաբար այդ հոսքը միշտ եղած է, սակայն ատենին ահազանգուած չէր: Աղմուկը բարձրացաւ այն ժամանակ, երբ մեր դպրոցներու նիւթական դրութիւնը եւ աշակերտներու թիւը զգալիօրէն սկսաւ խախտուիլ, որմէ ետք արդէն ուշ էր ասոր առաջքը առնելու», պարզաբանեց Յակոբեան իր ազատ կարծիքը յայտնելով:
Սեւակ Յակոբեան ի միջի այլոց Պրն. Գոզմոյեանին յիշեցուց, որ «Զարթօնք»ի 80-ամեակն է արդէն: «Եթէ պատահի, որ «Զարթօնք»-ի յոբելեանի նշումին պիտի հասնինք՝ ես անշուշտ պիտի մասնակցիմ», հաստատեց Պրն. Գոզմոյեան:
«Դուք, ո՛չ թէ, պարզապէս որպէս հիւր ներկայ պիտի ըլլաք, այլ ձեզմէ պիտի խնդրենք օրուայ զեկուցաբերներէն մէկը ըլլալ», ըսաւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը Պրն. Գոզմոյեանին բացայայտելով իր ծրագիրը՝ «Զարթօնք»ի 80-ամեակը նշել նաեւ Երեւանի մէջ յառաջիկայ 20 Սեպտեմբեր 2017-ին Հայաստանի Ազգային Գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ:
Պրն. Գոզմոյեանը մեծ ուրախութեամբ եւ սիրով համաձայնեցաւ օրուան զեկուցաբերներէն մէկը ըլլալ իրեն համար շատ սրտամօտիկ այս ձեռնարկին, նիւթ ունենալով՝ «Զարթօնք»ի դերը Հայ իրականութեան մէջ: