Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Պաքուն Մարգարիտա Սիմոնեանի Պատճառով կը Փակէ Ռուսական «Սփութնիք» Ձայնասփիւռի Կայանը

«Սփութնիք» ռուսական ձայնասփիւռի կայանը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, յայտնած է Haqqin.az-ը` յղում ընելով ձայնասփիւռի կայանին աշխատակիցները:

Կայքը գրած է, որ «Սփութնիք»-ը կը հանդիսանայ յայտնի ռուս քարոզչութիւն կատարող Տմիթրի Գիսելէովի յատուկ նախագիծը: «Սփութնիք» միջազգային լրատուական գործակալութիւնը յայտարարած էր Պաքուի մէջ` «novosti.az»-ին կից ձայնասփիւռի հեռարձակում սկսելու մասին, Մայիսին:

Հարցը այն է, որ ձայնասփիւռի կայանի խմբագիրը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով Մարգարիտա Սիմոնեանն է: «Ազրպէյճանի մէջ անմիջապէս արդարացիօրէն սկսած են մտահոգուիլ այդ կայանի  հեռարձակումներուն բովանդակութեամբ»,- 1in.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով` ըսուած է հրապարակման մէջ:

Ազրպէյճանի հեռուստառատիոհեռարձակող ազգային խորհուրդը, ինչպէս պարզուած է, չէ տուած որեւէ ռուսական ձայնասփիւռի կայանի գործունէութեան արտօնութիւն: Խորհուրդի նախագահ Նուշիրաւան Մակերամլին հաստատած է, որ իրենք պարզապէս չէին կրնար արտօնել Ազրպէյճանի տարածքին վրայ հայուհիի կողմէ ղեկավարուող ձայնասփիւռի կայանի մը գործունէութիւնը: Անոր խօսքով` Ազրպէյճանի տարածքին վրայ կ’իրականցուի հեռարձակում միայն Ազրպէյճաներէնով, ռուսերէնով ատիկա անհնար է: «Սակայն հնարաւոր է նաեւ, որ այդ ձայնասփիւռի կայանը սկսած է համագործակցիլ տեղի կայաններէն մէկուն հետ: Սակայն բոլորը գիտեն, որ իւրաքանչիւր օտարերկրեայ ալիքի հանդէպ, յատկապէս եթէ անիկա կը գլխաւորէ ծագումով հայ խմբագիր մը, պէտք է չափազանց մեծ զգուշութիւն դրսեւորել»,- յայտարարած է Մակերամլին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին