Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Զինուորական Ծառայութիւնը Կը Կոփէ ՀՀ Քաղաքացիի Նոր Տեսակ. Նախագահը Ողջունած է Ռազմաուսումնական Հաստատութիւններու Շրջանաւարտները

ՀՀ Նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, երէկ, երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, մասնակցած է ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2016-­2017 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսաւոր ձեռնարկին:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւննրով՝ Նախագահը ողջունած է արարողութեան մասնակիցները, շնորհաւորած ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2017-ի շրջանաւարտները աւարտական արարողութեան առիթով եւ մաղթած բարի ծառայութիւն ու մեծ յաջողութիւններ:

ՀՀ ՊՆ հրամանով՝ 279 շրջանաւարտներու շնորհուած է առաջին սպայական  կոչում: Ձեռնարկին ծիրէն ներս՝ ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտները ստացած են իրենց աւարտական փաստաթուղթերը եւ դաշոյնները, որոնք անոնց յանձնած են Հանրապետութեան Նախագահը եւ ԱԱԽ (Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ) անդամները: 

Հանդիսութիւնը աւարտած է մարտական դրօշներուն շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութեամբ եւ հանդիսաւոր քայլերթով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին