Ուրբաթ, 19. 09. 2025

spot_img

Հեը Անդրանիկ Անթիլիաս Պատուեց Կայծակնային Եւ Արագ Ճատրակի Լիբանանի Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր Իր Մարզիկները

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  հանդիսաւորապէս  նշեց  Լիբանանի  արագ եւ  կայծակնային ճատրակի  ախոյեանութեան  տիտղոսներուն յաղթանակները,   միաժամանակ  ներկայացուց  6 -14  Սեպտեմբեր 2017-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք  Լիբանանի  ճատրակի խմբային ախոյեանութեան  մասնակցող  իր կազմին անդամները:

 Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2017, երեկոյեան  ժամը  7.30-ին,  ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի յանձնախումբի  նախաձեռնութեամբ,  ի  ներկայութիւն Լիբանանի  ճատրակի  ֆետերասիոնի նախագահ Ըզէթ Քըրէյթիմի  եւ անդամներու, լիբանանեան ակումբներու ներկայացուցիչներու, ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, միութենականներու, մարզասէրներու, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս ճատրակի խումբին մարզիկներուն,   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեան  բարի գալուստ  մաղթեց ներկաներուն եւ արժեւորեց Լիբանանի  ճատրակի   մարզաձեւին  մէջ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի   հատած  փայլուն  ճանապարհը:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  ճատրակի  յանձնախումբի  պատասխնատու Տիգրան Զէյթճեան  համառօտակի  կատարեց  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պատմականը, անոնց համազգային առաքելութիւնը:  Տիգրան Զէյթճեան դիտել տուաւ, որ  կարճ ժամանակամիջոցի  մէջ,  ընդամէնը  2000 թուականին  հիմնուած  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի դպրոցը  անմիջապէս իր  ուրոյն  դիրքը գրաւած է  Լիբանանի ճատրակի առաջին դասակարգի խումբերուն մէջ, 2015-ին դառնալով  Լիբանանի փոխախոյեան, 2016-ին գրաւելով  երրորդ դիրքը: Գալով այս տարուան,  կայծակնային եւ արագ   ճատրակի ախոյեանութեան  տիտղոսներուն տիրանալէ ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  ներկայիս  կը  ձգտի  շահելու Լիբանանի  խմբային ախոյեանութեան տիտղոսը:

Տիգրան Զէյթճեան «սլայտ շօ»ի  ընկերակցութեամբ   յիշարժան նկարներով եւ   վիճակագրական  տուեալներով համեմեց իր խօսքը, թուելով ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի  ճատրակի  վարչութեան  հեռանկարները:

Լիբանանի   ճատրակի  ֆետերասիոնի   նախկին փոխնախագահ  եւ ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիասի   խմբապետ   Ռոլան Ախրաս   շնորհաւորեց    ճատրակի վարչութեան անդամները,  մարզիկները կայծակնային եւ   արագ  ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսները նուաճելու առիթով:  Ախրաս,  մէկ առ մէկ  ներկայացուց  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի   ճատրակի կազմին մարզիկները:  Ապա ան  ներկայացուց  Լիբանանի  ճատրակի խմբային ախոյեանութեան մասնակցող կազմին մարզիկները՝  Ֆայսալ Խէյրալլա,Անթուան Քասիս, Մանսուր Ասաֆ, Իլիաս Նատէր, Անթուան Թաամէ, Միշէլ Քարամ, Հենրի Շիտիաք, Սերժ Ուարտ,Ճոնի Անթոնիոս, Մարք  Տեմիրճեան, միջազգային կարգի վարպետ Մանուէլ Պետրոսեան եւ Ռոլան Ախրաս:

Իր սրտի խօսքը  փոխանցեց նաեւ Լիբանանի ճատրակի  ֆետերասիոնի նախագահ Ըզէթ Քըրէյթիմը : Ան  գնահատեց  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  փայլուն  յաջողութիւնները, աւելցնելով, թէ   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  յաջողութեամբ դուրս եկած էր բոլոր մարտահրաւէրներէն: Քըրէյթիմ  ներկաներուն  ուշադրութեան յանձնեց   իրողութիւն մը՝  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  իր կազմը  համալրած էր   Լիբանանի տարբեր շրջաններէն մարզիկներով,նաեւ  ընդգրկած իգական սեռի ներկայացուցիչներ: Ան  անգամ մը եւս  շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի կազմը եւ պատասխանատուները զոյգ  յաջողութիւններուն առիթով,  միաժամանակ  մաղթեց, որ  ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը կ’ընթանայ  բարձր գիտակցութեան եւ  մարզական   մթնոլորտի մէջ:  

Ապա,  տեղի ունեցաւ  յուշանուէրներու յանձնում: Լիբանանի ճատրակի  ֆետերասիոնի նախագահ  Ըզէթ Քըրէյթիմ,  ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն  Չերչեան յուշանուէրներ  յանձնեցին  կայծակնային եւ արագ ճատրակի   Լիբանանի ախոյեան  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկներուն:

Երեկոյի աւարտին տեղի  ունեցաւ   հիւրասիրութիւն:

ՀԵԸ –Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին