Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

«Հայերէն Մատենաշար»-ը Հրատարակած Է Իր Անդրանիկ Հատորը՝ «Երթաս Բարով»-ը

Հեղինակ՝ Լեռնա Գարագիւթիւք
Խորագիր՝ «Երթաս Բարով»
Ժանր՝ բանաստեղծութիւն
Տպագրութիւն՝ «Մաթ» տպարան
Պոլիս, 2017
Էջ՝ 126
ISBN։ 978-605-030-544-9
ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ա.- «Հայերէն Մատենաշար»ը կը հետապնդէ Հայերէն պլոկի (https://hayerenblog.wordpress.com) վրայ հրապարակուած գրութիւններուն՝ առանձին հատորով տպագիր հրատարակութիւնը, նկատի ունենալով, որ հոն լոյսի եկած գրութիւնները ո՛չ կ՝արտատպեն, ո՛չ ալ արտատպելի է՝ առանց պլոկի վարչութեան հաւանութեան:

բ.- «Հայերէն Մատենաշար» գրութիւններուն ելեկտրոնային հասանելիութիւնը տպագիր շօշափելիութեան տանող կամուրջ մը կը հանդիսանայ եւ զուգահեռաբար ունենալու է նաեւ իր ելեկտրոնային տարբերակը նո՛յն պլոկին իսկ վրայ:

գ.- Հայերէն պլոկի գրութիւնները նկատառելի մասամբ մը արդիւնք են հեղինակ-վարչութիւն անմիջական գործակցութեան: Պլոկը փոխանակման գործարան ու դաշտավայր մըն է, որուն շնորհիւ «Հայերէն Մատենաշար»-ը ահա՛ գոյութեան կոչուեցաւ:

դ.- Գրութեանց՝ պլոկէն մատենաշար փոխանցումը ինքնի՛ն մարտահրաւէր մըն է, ելեկտրոնայինի որոշ իմաստով մը՝ «գնայուն», սրբագրելի ու ջնջելի նկարագիրէն դէպի տպագիր, վերջնական ու «մնայուն» նկարագիր անցումն ու հանգրուանումը: Փոխանցումի այս ընթացքն ալ, իր կարգին, աշխատելավայր ու զտումի գործընթաց մըն է:

ե.- Հայերէնին, անոր շարք մը բարբառներուն, բառ ու բանին եւ տեղական գունաւորումներով արտայայտութիւններուն հանդէպ մասնաւոր ուշադրութեան արդիւնք են պլո՛կն ալ, մատենաշա՛րն ալ, որոնց աշխատակիցներուն համացանցային հաղորդակցութիւնը հարստացուցիչ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին