Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Օգոստոս 26-30, կ’ակնկալուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ուժգնութիւնը, Օգոստոս 26-ին կը կանխատեսուի 6, որուն ընթացքին խորհուրդ կը տրուի ժամը 11:00-17:00 ժամանակահատուածին խուսափելու արեգակի ուղիղ ճառագայթներէն:
Երկարատեւ աշխատանքը՝ արեւու ուղիղ ճառագայթներուն տակ՝ կրնայ յառաջացնել արեւահարութիւն:
Հանրապետութեան տարածքին, Օգոստոս 26-30, կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Օդի ջերմաստիճանը, Օգոստոս 28-29, պիտի բարձրանայ 2-3 աստիճանով: