*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արդէն յայտնի է Մինսկի Խումբի ամերիկացի նոր համանախագահին անունը: Օգոստոս 28-ից Ռիչըրտ Հոքլանտին պիտի փոխարինէ Էնտրիւ Շէֆըրը: Այդ մասին յայտարարած է դեռ պաշտօնավարող ամերիկացի համանախագահը: Հեռանալու նախօրէին՝ Ուաշինկթընի արտերկրեայ լրագրողներու մամուլի ակումբին մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին՝ Ռիչըրտ Հոքլանտ ներկայացուցած է ոչ միայն զինք փոխարինողը, այլեւ՝ ժառանգութիւնը, որ կը ձգէ անոր: Խօսքը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքին մասին է: Ամերիկացի համանախագահը 6 հիմնական կէտի մէջ ամփոփած է այդ հարցով միջնորդներուն մօտեցումները, որոնք, Ռիչըրտ Հոքլանտի խօսքով՝ կողմերը կ’ընդունին իբրեւ բանակցութիւններու հիմք:
1994-ի հրադադարի հաստատումէն ի վեր ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման քանի մը բեմագիր, նախ՝ ոչ պաշտօնապէս, ապա՝ պաշտօնապէս, դարձաւ հանրութեան սեփականութիւնը: 2007-էն ի վեր անոնք կը ներկայանան յայտնի Մատրիտեան սկզբունքներու փաթեթաւորումով եւ, ըստ էութեան, գոնէ հրապարակային մակարդակով՝ 2007-էն ի վեր, հիմնական մօտեցումներու հարցով միջնորդներու դիրքերորոշումը անփոփոխ է: Ուաշինկթընի արտերկրեայ լրագրողներու մամուլի ակումբին մէջ անցած հանդիպման ընթացքին՝ Ռիչըրտ Հոքլանտի թուարկած 6 կէտերն ալ, որոնց շուրջ, դեսպանի խօսքով, բանակցած են կողմերը, ըստ էութեան, կը տեղաւորուին Մատրիտեան սկզբունքներու տրամաբանութեան մէջ: Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակի յստակեցում՝ իրաւական պարտաւորեցնող կամարտայայտումով, սակայն անորոշ ապագային, տարածքային զիջումներ` ՀՀ-ի հետ անվտանգ ցամաքային կապի պայմանով եւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու առկայութեամբ, բոլոր կողմերու փախստականներու` իրենց բնակութեան վայրերը վերադարձի հնարաւորութիւն. ընդհանուր առմամբ ասոնք էին Ռիչըրտ Հոքլանտի ներկայացուցած կէտերը: Դիւանագէտը չի թաքցներ` կողմերը ամէն ինչի մէջ չէ, որ համաձայնութեան հասած են: «Նոյնիսկ եթէ անոնք համաձայն չեն առաջարկուող ծրագիրի առանձին կէտերուն, անոնք համաձայն են քննարկելու զայն, կը կարծեմ այժմ այդ է կարեւորը»,- նշած է Հոքլանտ:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը արձագանգած է՝ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: «ԱՄՆ համանախագահ Ռիչըրտ Հոքլանտի կողմէ հնչեցուած տարրերը նորութիւն չեն եւ կը հանդիսանան բազմիցս հրապարակուած Մատրիտեան սկզբունքներու բառափոխում: Մեր դիրքորոշումը այդպիսի առաջարկներու վերաբերեալ յայտնի է եւ կը մնայ անփոփոխ: Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ մոտէլ, եթէ անիկա միտուած է ապահովելու կայուն եւ յարատեւ խաղաղութիւն, անհնար է առանց արցախեան կողմի լիարժէք մասնակցութեան բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն եւ չի կրնար հաշուի չառնել առկայ իրողութիւնները: 2016 Ապրիլի պատերազմը ակնառու կերպով ցուցադրեց, որ իրականութենէն կտրուած մօտեցումները վտանգաւոր են, եւ կրնան ճանապարհ հարթել անկանխատեսելի զարգացումներու համար»,- նշած է Կարէն Միրզոյեան: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը տարիներէ ի վեր շրջանառուող եւ, ըստ էութեան ոչ մէկ դրական տեղաշարժ ապահովող թեզերը վերաձեւակերպելէն առաւել կարեւոր կը համարէ խաղաղ գործընթացի անշրջելիութեան ապահովման ուղղուած ջանքերը, այս փուլով` հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքենականութիւններու իրագործման ուղղութեամբ:
Ռիչըրդ Հոքլանտի յայտարարութեան մէջ նորութիւնը կը վերաբերէր համանախագահի պաշտօնին զինք փոխարինողին: Օգոստոս 28-ին դեսպան Հոքլանտը պիտի աւարտէ իր աշխատանքը իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ժամանակաւոր համանախագահ` զիջելով այդ պաշտօնը նոր, արդէն մշտական համանախագահ Էնտրիւ Շէֆըրին: Վերջինս ծառայած է իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, ունի իրական փորձ Կիպրոսի եւ այլ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:
Ստեփանակերտ