ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով՝ պաշտօնական այցով, Օգոստոս 23-ի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Թուրքմէնիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովը: Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ, Օգոստոս 24-ին, տեղի ունեցած է Թուրքմէնիստանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք կայացած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի առանձնազրոյցը:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է հիւրը մեր երկրին մէջ եւ նշած, որ հայ-թուրքմէնական յարաբերութիւնները բարեկամական են եւ ունին բազմաշերտ բնոյթ: