ՀՀ կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան (ՔԹԳՎ) պետ Սերգէյ Աւետիսեանը աշնան Չինաստան պիտի այցելէ:
Այցելութեան ընթացքին, հաւանական է, որ ստորագրուի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը եւ քննարկուին դէպի ՀՀ եւ հակառակ ուղղութեամբ հնարաւոր ուղիղ թռիչքներու իրականացման մանրամասները: Այս մասին ըսած է ՔԹԳՎ մամուլի քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեան, նշելով, որ Սերգէյ Աւետիսեանի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած էր Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքուղիներու վարչակազմի պետի տեղակալ Վանկ Ճիցինկի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը: