ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը ԱՄՆ-ը ներկայացնող նոր մշտական համանախագահ ունի. ժամանակաւոր համանախագահ Ռիչըրտ Հոգլանտը առաքելութիւնը պիտի աւարտէ Օգոստոս 28-ին: Մինսկի խումբին մէջ ԱՄՆ նոր համանախագահն է Էնտրիւ Շէֆըրը: Այս մասին, ըստ «Ամերկայի ձայն»-ին, յայտնած է Հոգլանտը` Ուաշինկթընի արտերկրեայ լրագրողներու մամուլի ակումբին մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին: «Նոր համանախագահը շատ փորձառու բարձրաստիճան ամերիկեան դիւանագէտ է, որ ծառայած է իբրեւ Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար: Ան ունի իրական փորձ Կիպրոսի եւ այլ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործով: Կը կարծեմ, պետական քարտուղարութիւնը եւ պետական քարտուղարը ընտրած են փայլուն ԱՄՆ-ի համանախագահ»,- ըսած է Հոգլանտը:
Նոր համանախագահը կը տիրապետէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետ կապուած ամբողջական տեղեկատուութեան եւ պատրաստ է ստանձնելու պարտականութիւնները: