Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Էնտրիւ Շէֆըրը Կը Փոխարինէ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահ Հոգլանտին

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը ԱՄՆ-ը ներկայացնող նոր մշտական համանախագահ ունի. ժամանակաւոր համանախագահ Ռիչըրտ Հոգլանտը առաքելութիւնը պիտի աւարտէ Օգոստոս 28-ին: Մինսկի խումբին մէջ ԱՄՆ նոր համանախագահն է Էնտրիւ Շէֆըրը: Այս մասին, ըստ «Ամերկայի ձայն»-ին, յայտնած է Հոգլանտը` Ուաշինկթընի արտերկրեայ լրագրողներու մամուլի ակումբին մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին: «Նոր համանախագահը շատ փորձառու բարձրաստիճան ամերիկեան դիւանագէտ է, որ ծառայած է իբրեւ Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար: Ան ունի իրական փորձ Կիպրոսի եւ այլ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործով: Կը կարծեմ, պետական քարտուղարութիւնը եւ պետական քարտուղարը ընտրած են փայլուն ԱՄՆ-ի համանախագահ»,- ըսած է Հոգլանտը:

Նոր համանախագահը կը տիրապետէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետ կապուած ամբողջական տեղեկատուութեան եւ պատրաստ է ստանձնելու պարտականութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին