Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – Է. – «Զարթօնք» Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ

ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 «Զարթօնքի» հանդիպումներու շարքը Երեւանի մէջ կը շարունակուի: Թերթին գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կրկին այցելեց Ազգային գրադարան, այս անգամ հանդիպելու գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանին հետ: Հանդիպումը շատ սպասուած էր եւ երկու կողմերու միջեւ շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ ու ընկերական մթնոլորտ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ապագայի գործակցութեան հորիզոններ: Տիգրան Զարգարեան հաստատեց, որ «Այս հանդիպումէն եւ համագործակցութեան ոգիէն երկուստեք օգուտ կը ստանանք: Այս իրավիճակը կը նպաստէ նոր ծանօթութիւններու եւ նոր համագործակցութիիններու դռներու բացումին»: Այս առիթով կողմերը համաձայնեցան նաեւ «Զարթօնքի»  80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս անոր 80-ամեակը նշել նաեւ Հայաստանի Ազգային  Գրադարանին մէջ:

Պրն. Զարգարեան առաջարկեց ձեռնարկի օրը Ազգային Գրադարանէն ներս ցուցադրութեան դնել Ազգային Գրադարանին սեփականութիւնը հանդիսացող 80 ամեայ «Զարթօնք»ի արխիւային նիւթերու նմոյշներ, որուն համար Յակոբեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, իր կողմէն խոստանալով Պէյրութէն բերել պիտանի նմոյշներ: 

Յիշուեցան զեկուցաբերներու անուններ, որոնք լաւագոյնս կրնան ներկայացնել ու լուսաբանել «Զարթօնք«ի 80-ամեայ ուղին եւ առաքելութիւնը: Զեկուցաբերներու անունները ինչպէս նաեւ ձեռնարկին վերաբերող այլ մանրամասնութիւններ շուտով կը յայտարարուին:

«Զարթօնք»ի 80 ամեակի  յիշատակումի օրը երկու կողմերը որոշեցին Չորեքշաբթի 20 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան 6:00-ը, հաշուի առնելով նոյն օրերուն համընկնող Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Ժողովը, որուն աշխատանքները արդէն աւարտին հասած պիտի ըլլան նոյն երեկոյեան, առիթը տալու ինչպէս Հայրենի նաեւ Սփիւռքահայ հիւրերուն ներկայ ըլլալու այս եզակի հանդիսութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին