Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

ՀՀ եւ ՌԴ Նախագահներուն Յայտարարութիւնները Լաւատեսական Տրամադրութեան Առիթ Կու տան. Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումէն առաջ եւ ետք հնչած յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւական բարձր մակարդակի վրայ: Նման դիտարկում ըրած է քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեանը:

«Խօսքը կը վերաբերի տնտեսական, ռազմական համագործակցութեան եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ քաղաքականութիւն ձեւաւորելու հիմնախնդիրներուն: Կը կարծեմ երէկուան հանդիպումը այդ յարաբերութիւններու, մտերմութեան լաւագոյն ապացոյցներէն է»,- նշած է ան, եւ ընդգծած, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնները լաւատեսական տրամադրութիւններու առիթ կու տան:

Նախագահներու` ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ անդրադարձին վերաբերեալ քաղաքագէտը համոզում յայտնած է, որ այդ հարցը չէր կրնար շրջանցուիլ ՌԴ եւ ՀՀ նախագահներու հանդիպման օրակարգէն: Անոր խօսքով` Հարաւային Կովկասի մէջ ասիկա հիմնական խնդիրն է:

«Այս հարցը կը վերաբերի ո՛չ միայն Հայաստանին, Արցախին եւ Ազրպէյճանին, այլ ընդհանրապէս` տարածաշրջանային անվտանգութեան:  Որոշ չափով ասիկա կ’ազդէ նաեւ յարակից տարածաշրջաններուն մէջ ընթացող գործընթացներուն վրայ: Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը թոյլ կու տայ Ռուսիոյ աւելի վստահ զգալու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր գործողութիւններուն գծով եւ աւելի ապահով թիկունքով հանդէս գալու այնտեղ»,- ըսած է քաղաքագէտ Մելիք Շահնազարեանը:

Անոր կարծիքով` քննարկումները չեն վերաբերած լուծումներուն, այլ այս պահուն հանգիստ իրավիճակ եւ կայունութեան կանխատեսելիութիւն ապահովելու խնդիր կայ:

«Ամենայն հաւանականութեամբ, այս ուղղութեամբ ալ ընթացած են քննարկումները, որպէսզի սահմանի վրայ իրավիճակը հանգիստ ըլլայ եւ այս պայթիւնավտանգ դրութիւնը որեւէ կերպով յաղթահարուի»,- նկատած է  քաղաքագէտը:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ Դաշնութիւն աշխատանքային այցին ծիրէն ներս, Օգոստոսի 23-ինՍոչիի մէջ հանդիպում ունեցած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետՆախագահներըհանդիպման ընթացքինանդրադարձած են շարք մը հարցերուինչպէս նաեւԼեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին