Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Հայաստանն ու Չինաստանը Կը Քննարկեն Ուղիղ Թռիչքներ Իրականացներու Հարցը

ՀՀ կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան (ՔԹԳՎ) պետ Սերգէյ Աւետիսեանը աշնան Չինաստան պիտի այցելէ:

Այցելութեան ընթացքին, հաւանական է, որ ստորագրուի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը եւ քննարկուին դէպի ՀՀ եւ հակառակ ուղղութեամբ հնարաւոր ուղիղ թռիչքներու իրականացման մանրամասները: Այս մասին ըսած է ՔԹԳՎ մամուլի քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեան, նշելով, որ Սերգէյ Աւետիսեանի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած էր Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքուղիներու վարչակազմի պետի տեղակալ Վանկ Ճիցինկի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին