ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, Օգոստոս 23-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանեց Թուրքմէնիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովը:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այցին ծիրէն ներս նախատեսուած են Թուրքմէնիստանի նախագահին հանդիպումները ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:
Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ, հայ-թուրքմէնական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին, կը նախատեսուի փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովը լրատուամիջոցներուն առջեւ հանդէս պիտի գան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով:
Հայաստանը Խաղաղութիւն Արտահանող Երկիր է. Շարմազանովը Ընդունած է Արժանթինի Դեսպանը