Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայաստանը Խաղաղութիւն Արտահանող Երկիր է. Շարմազանովը Ընդունած է Արժանթինի Դեսպանը

ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, Օգոստոս 23-ին, ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան:

ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, ողջունելով դեսպանը` ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը արդէն ձեւաւորած է բարեկամական խումբերը, եւ ինքը պիտի շարունակէ գլխաւորել Արժանթինի հետ բարեկամական խումբը, որ ունի պատկառելի կազմ:

Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատած է դեսպանի շահագրգիռ գործունէութիւնը հայ-արժանթինական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը, կարեւոր համարելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը, ընդգծած է միջազգային կառոյցներու մէջ բարեկամ երկիրներու համագործակցութեան նշանակութիւնը:

Էդուարդ Շարմազանովը փաստած է, որ նախորդ դարասկիզբին ապաստան տալով հայերուն` Արժանթինը դարձած է անոնց երկրորդ հայրենիքը եւ յետագային վճռական քայլեր ձեռնարկած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահին խօսքով` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը թեւակոխէ նոր փուլ` թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարի փուլը:

Բարձր գնահատելով Արժանթինի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ` ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ Հայաստանը խաղաղութիւն արտահանող երկիր է եւ կը մերժէ ռազմական որեւէ լուծում:

Էդուարդ Շարմազանովը, կարեւոր համարելով փոխայցելութիւններուն դերը երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, իր արժանթինցի գործընկերները հրաւիրած է Հայաստան:

Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ կարեւոր համարած խորհրդարանական համագործակցութեան դերը բարեկամ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Դեսպանը նշած է, որ պէտք է օգտագործել խորհրդարանական բոլոր ձեւաչափերը` յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման համար: Դեսպանին խօսքով` հայկական համայնքի ներկայութիւնը Արժանթինի մէջ իր ազդեցութիւնը ունեցած է երկու երկիրներու բարեկամութեան կայացման եւ կապերու խորացման գործին մէջ:

Հանդիպման աւարտին, Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան նշած է, որ այս տարի կը լրանայ Արժանթինի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարին, եւ դեսպանատունը պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ, որոնց մասնակցելու հրաւիրած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին