ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, Օգոստոս 23-ին, ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան:
ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, ողջունելով դեսպանը` ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը արդէն ձեւաւորած է բարեկամական խումբերը, եւ ինքը պիտի շարունակէ գլխաւորել Արժանթինի հետ բարեկամական խումբը, որ ունի պատկառելի կազմ:
Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատած է դեսպանի շահագրգիռ գործունէութիւնը հայ-արժանթինական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման գործին մէջ: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը, կարեւոր համարելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը, ընդգծած է միջազգային կառոյցներու մէջ բարեկամ երկիրներու համագործակցութեան նշանակութիւնը:
Էդուարդ Շարմազանովը փաստած է, որ նախորդ դարասկիզբին ապաստան տալով հայերուն` Արժանթինը դարձած է անոնց երկրորդ հայրենիքը եւ յետագային վճռական քայլեր ձեռնարկած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահին խօսքով` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը թեւակոխէ նոր փուլ` թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարի փուլը:
Բարձր գնահատելով Արժանթինի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ` ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ Հայաստանը խաղաղութիւն արտահանող երկիր է եւ կը մերժէ ռազմական որեւէ լուծում:
Էդուարդ Շարմազանովը, կարեւոր համարելով փոխայցելութիւններուն դերը երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, իր արժանթինցի գործընկերները հրաւիրած է Հայաստան:
Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ կարեւոր համարած խորհրդարանական համագործակցութեան դերը բարեկամ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Դեսպանը նշած է, որ պէտք է օգտագործել խորհրդարանական բոլոր ձեւաչափերը` յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման համար: Դեսպանին խօսքով` հայկական համայնքի ներկայութիւնը Արժանթինի մէջ իր ազդեցութիւնը ունեցած է երկու երկիրներու բարեկամութեան կայացման եւ կապերու խորացման գործին մէջ:
Հանդիպման աւարտին, Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան նշած է, որ այս տարի կը լրանայ Արժանթինի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարին, եւ դեսպանատունը պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ, որոնց մասնակցելու հրաւիրած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը: