Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Անվտանգ Հայաստան» Խորագիրով՝ Ցուցահանդէսին Պիտի Ներկայացուին Անվտանգութեան Սարքերը

«Երեւան-էքսփո» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ, Սեպտեմբեր 2-4, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան համակարգումով, պիտի մեկնարկէ «Arm Security-2017» անվտանգութեան բարձր սարքերու միջազգային ցուցահանդէսը` «Անվտանգ Հայաստան» խորագիրով:

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ պիտի  ցուցադրուին արտակարգ իրավիճակներու կանխման եւ հետեւանքներու վերացման համակարգեր ու սարքեր, ինչպէս նաեւ փրկարարական եւ հրդեհային անվտանգութեան ծառայութիւններու համար նախատեսուած յատուկ սարքեր` մասնաւորապէս արտադրողներէն:

Ցուցահանդէսին ընթացքին հանրութեան պիտի ներկայացուին աղէտներու վտանգներու նուազեցման եւ անոնց հետեւանքներու չէզոքացման, փրկարարական գործողութիւններու իրականացման, արտակարգ իրավիճակներու կարգաւորման համար նախատեսուած նորարարական բարձր արհեստագիտական միջոցներն ու սարքերը:

Ցուցահանդէսին ներկայ պիտի գտնուին հայաստանեան եւ արտասահմանեան բարձրաստիճան պետական այրեր ու ոլորտի ակնառու ներկայացուցիչներ: Իրենց արտադրանքն ու ծառայութիւնները պիտի ներկայացնեն միջազգային եւ հայկական ընկերութիւններ:

Ցուցահանդէսի գործնական ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուին երկօրեայ խորհրդաժողովներ նուիրուած արտակարգ իրավիճակներու կանխարգելման եւ վերացման, հրդեհային անվտանգութեան ապահովման, աղէտներու մարտահրաւէրներուն դէմ պատրաստուածութեան թեմաներուն:

Նախատեսուած են քննարկումներ ՀՀ ԱԻ նախարարութեան ու ծածկագրութեան անվտանգութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու, ապահովագրական ընկերութիւններու, կազալցակայաններու, աթոմակայանի բարձրաստիճան ղեկավարութեան միջեւ` նուիրուած արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ տարածքներու եւ բնակչութեան արդիւնաւէտ պաշտպանողական համակարգի ստեղծման խնդիրներուն. առանձնապէս վտանգաւոր արտադրական առարկաներու պարտադիր ապահովագրութեան անհրաժեշտութեան, արտակարգ իրավիճակներու արդիւնքով յառաջացած վնասներու փոխհատուցման պետութեան բեռի թեթեւացման հնարաւորութիւններուն եւ այլն:

Գործնական ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուին նաեւ այլ ձեռնարկներ եւ հանդիպումներ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչներու եւ այլ շահագրգռուող կողմերու միջեւ:

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին