Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Անդրադարձած է Իրանի Հետ Ազատ Տնտեսական Գօտիի Ստեղծման Գործընթացին

Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման գործընթացին հետ կապուած՝ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարած է, որ այս տարուան Նոյեմբերին արդէն իսկ պիտի ստեղծուի որոշ հարթակ մը: Այս մասին, վարչապետ Կարապետեան յայտարարած է Ծաղկաձորի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին:

«Այդ հարցով մենք բազմաթիւ փորձեր ըրած ենք` եղած են ե՛ւ յաջող բանակցութիւններ, ե՛ւ անյաջող բանակցութիւններ, սակայն այդ հարթակը անպայման պիտի ստեղծենք: Շուտով Իրան կայանալիք այցին ժամանակ՝ պիտի խօսինք այդ մասին: Նաեւ վերջերս Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարը հանդիպած էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականին հետ եւ այս հարցերը քննարկուած էին»,- նշած է ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը:

Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է նաեւ Իրանի կողմէ հայկական արտադրութեամբ ուժանիւթի ուղիղ գնման հնարաւորութեան: «Այս պահուն որեւէ բանակցութիւն չենք վարած, եթէ ըլլայ նման առաջարկ, որ գնային համեմատականով մեզի համար ձեռնտու ըլլայ` մեծ սիրով»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին