Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ամուսնութեան Երկո՞ւ Առաջարկ. . .

Կրէնթ Թրիպէթ 29 տարեկան երիտասարդ մըն է որ Միզուրի նահանգի Սէյնթ Լուիզ քաղաքէն փոխադրուելով հաստատուած էր Ինտիանա նահանգի Ուէսթֆիլտ քաղաքը։ Հոն՝ ան ծանօթացած էր 26 տարեկան Քասանտրա Ռէսչըրի, որ ունէր հինգ տարեկան աղջնակ մը՝ Ատրիանա անունով։

Կրէնթ՝ հաւնած ըլլալով Քասանտրան, կ’ուզէ ամուսնական առաջարկ մը ներկայացնել իրեն։ Ան կ’ուզէ որ այդ առաջարկը ըլլայ իւրայատուկ։ Ուստի կ’որոշէ վայրը՝ որ փայտէ կամուրջ մըն է (տես նկարը), Ֆիշըրս քաղաքի անտառոտ մէկ շրջանին մէջ։ Ան նոյնիսկ կը հրաւիրէ իր մէկ ընկերը, որ գաղտնաբար նկարէ զիրենք։

Ուրեմն որոշեալ օրն ու ժամը երբ կը հասնի, Կրէնթ ծնկաչոք նախ կ’առաջարկէ Քասանտրային որ ամուսնանայ իրեն հետ եւ ապա երկրորդ առաջարկով մը կը ներկայանայ Քասանտրայի դստեր Ատրիանային՝ որ ընդունի զինք որպէս հայր։

Ապշահար եւ զգալիօրէն ուրախ՝ իրեն վերապահուած անակնկալէն, Քասանտրա անմիջապէս կ’ընդունի ամուսնական առաջարկը։ Իսկ Կրէնթ՝ դրական երկու պատասխաններէն ետք, կը սկսի ծրագրել հարսանիքը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Դեկտեմբերին, 125 հրաւիրեալներով։

Ինծի համար միշտ հարց եղած էր՝ կը խոստովանի Քասանտրա, թէ եթէ նորէն ամուսնանամ, արդեօ՞ք նոր ամուսինս պիտի ընդունի Ատրիանան որպէս հարազատ զաւակ։ Եւ ահա, կ’եզրակացնէ ան, իմ փափաքս իրականացաւ Կրէնթի երկրորդ առաջարկով։

Ան հասաւ իր մուրազին՝ դուք ալ հասէք ձեր մուրազին, պիտի ըսէր հայ հեքիաթագիրը . . .

Երկուորեակ Քոյրերու Ոդիսականը . . .

Գարմէն եւ Լուփիթա Անտրատէ երկուորեակ քոյրեր են, որոնք մարմնով ալ միացած են իրարու (տես նկարը)։ Անոնց մայրը՝ Նորմա Սոլիս, Մեքսիքայէն զիրենք փոխադրած էր Քընէթիքէթ նահանգի Նիւ Միլֆըրտ քաղաքը՝ երբ անոնք տակաւին երեխայ էին։

Հիմա երկուորեակները 16 տարեկան դեռատի աղջիկներ են եւ դէմ յանդիման կը գտնուին ուրիշ խոչընդոտի մը, որուն համար սկսած են պայքարիլ։ Անոնք՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեցութեան օրինաւոր դրութիւն չունին եւ կրնան մէկ օրէն միւսը աքսորուիլ, եթէ իրենց մօր աշխատանքի իրաւունքը չնորոգուի։ Սա Նախագահ Թրամփի ծրագիրներէն մին է, որու հիման վրայ ան շահեցաւ ընտրապայքարը։

Հիմա անցնինք միաւորուած երկուորեակ քոյրերու մարմնի կազմութեան մանրամասնութեանց, առ ի գիտութիւն ընթերցող հասարակութեան։ Ուրեմն, իւրաքանչիւրը ունի իր անհատական սիրտը, թոքերն ու ստամոքսը։ Սակայն անոնց մարսողական, արեան շրջագայութեան եւ արգասաւորման կազմերը հասարակաց են եւ առ այդ՝ վիրաբուժական գործողութեամբ զանոնք անջատելը անհնարին է։

Այժմ անոնք կը պատրաստուին համալսարանական ուսման դիմելու, երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք։ Անոնք հաշտուած են իրենց իրավիճակով եւ յաճախ զիրար կը սփոփեն, երբ դժուարութեանց հանդիպին։

Հոս պէտք է աւելցնեմ որ վերոյիշեալ երկուորեակները բաւական համարձակ են եւ չեն վարանիր երբեք արտայատելու իրենց որդեգրած ուղեգիծը՝ ըլլայ այդ ընկերային, քաղաքական թէ բարոյական բնագաւառներէն ներս։

Գիտէք ինչ, ըլլալ «հաշմանդամ» եւ ընդունիլ զայս ու տակաւին պայքարիլ իրենց դաւանած սկզբունքներուն ի նպաստ՝ քաջութիւն է ու մեզի կը մնայ յաջողութիւն մաղթել իրենց ու վերջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին