«Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի առաջնահերթութիւնները բազմաթիւ են, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի հզօրացման ու Հայաստան-Սփիւռք սերտ գործակցութեան ու փոխլրացման: Իմ կարծիքով Հայաստանի հզօրացումը լաւագոյնս կրնայ արդիւնաւորել Սփիւռքի մէջ տարուող հայապահպանումի մեր ճիգերը:
Հայաստանի հզօրացումը Իմ կարծիքով Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած մեր ճիգերu լաւագոյնս կրնայ արդիւնաւորուիլ :
Երիտասարդ սերունդին համար արդիականացող եւ արագ քայլերով առաջ ընթացող Հայրենիքն ազգային ներշնչումի աղբիւր է: Այս տեսլականով ալ կ’ուզէի, որ համաժողովը գործնական քայլերով Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական ասպարէզներուն մէջ Սփիւռքի մասնակցութեան յստակեցման ուղղութեամբ ռազմավարութիւն սահմանէ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեան` աւելցնելով, որ համաժողովի օրակարգին ընդգրկուած թեմաները իրեն յոյս կը ներշնչէ այն առումով, որ պէտք է լուրջ քննարկումներու ականատես եւ մասնակից դառնալ:
Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան նշած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ առկայ տարածքաշրջանային մարտահրաւէրները եւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան հարցերը կարեւոր հիմնախնդիրներ են: Ան կ’ակնկալէ, որ համաժողովին Հայաստանի եւ Սփիւռքի կառոյցներու մասնակցութեամբ անոնց գործունէութեան համար յստակ ուղեգիծ եւ ճանապարհ կ’ուրուագծուի: