Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիպում մը ունեցած է ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին, մարտական գործողութիւններու եւ զինադադարի պայմաններու մէջ զոհուած զինծառայողներու մայրերուն հետ:
Մայր Աթոռէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու հայրական սէրը փոխանցած է հանդիպման մասնակից մայրերուն` բարձրօրէն գնահատելով անոնց ոգին: Նորին Սրբութիւնը իր վշտակցութիւնը արտայայտած է, ապա նշած, որ անոնց զաւակները իրենց կեանքը ընծայեցին յանուն հայրենիքի ապահով ու անվտանգ կեանքին, որպէսզի իրենց մայրերն ու քոյրերը ապրին խաղաղութեան մէջ, ոտնակոխ չըլլան սրբութիւնները եւ երաշխաւորուի մեր ժողովուրդի վաղուան օրը:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը հաստատած է, որ նահատակուած զինուորներու յիշատակը նուիրական է բոլորի համար եւ անոնք, իրենց սխրանքով ու հերոսական օրինակով, պիտի շարունակեն յաւէրժ ապրիլ մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ` առաջացնելով միմիայն հպարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացում:
Գարեգին Բ Կաթողիկոսը նաեւ ընդգծած է, որ հայ զինուորը` հայրենեաց սահմաններու պաշտպանը, մշտապէս իր եւ իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականի աղօթքներուն մէջ է:
Պատասխանելով զինծառայողներու մայրերը յուզող հարցերուն` հանդիպման աւարտին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած զոհուած զինուորներու հոգիներու հանգստութեան համար, ապա օրհնելով որդեկորոյս մայրերը` անոնց մաղթած է նոյն հայրենասիրական ոգիով, որմով կրթած եւ դաստիարակած են իրենց զաւակները, շարունակելու իրենց կարեւոր առաքելութիւնը կեանքի մէջ:
Հանդիպման ներկայ եղած է Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:
Երեւանէն եւ Գիւմրիէն Մայր Աթոռ ժամանած մայրերը Մայր Տաճարին մէջ նաեւ ներկայ գտնուած են Ս. Պատարագի արարողութեան: