Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Արցախի Նախագահը Կարեւոր կը Համարէ Հանրապետութեան 26-Ամեակի Տօնակատարութիւններու Բարձր Մակարդակով Իրականացումը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 21-ին, հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` Արցախի Հանրապետութեան 26-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, համապատասխան զեկոյցով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ, ԼՂՀ  հռչակման 26-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է ձեռնարկները բարձր մակարդակով իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, համապատասխան յանձնարարականներ տալով քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին