Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները

Երէկ՝ 21 Օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի երկու ներկայացուցիչներուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Ժան Սալմանեան։ Հիւրերը, առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Խորհրդարանի Նախագահին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, եւ ապա Նորին Սրբութեան փոխանցեցին պաշտօնական հրաւէր մը՝ Մուսա Սատրիի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան։

Հանդիպումը առիթ  եղաւ քննարկելու Լիբանանի ներքին կեանքը յուզող հարցեր եւ յատկապէս Պէքայի եւ Արսէլի շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց լիբանանեան բանակին արի կեցուածքը ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան, պաշտպանութեան ու բոլոր շրջաններէն ներս ապահովութեան ամրապնդման։

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ հանդիսութեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին, պիտի մասնակցին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Տոքթ. Ժան Սալմանեանը։

Նոյն օրը, Հայրապետը հեռաձայնային կապ հաստատելով շնորհաւորեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Տոքթ. Միշէլ Ճալխը, Անթոնին համալսարանի նախագահ ընտրութեան առիթով։ Տոքթ. Ճալխը Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց համալսարան դասախօսութիւն տալու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին