Արարատի մարզին մէջ, Խոսրովի անտառ պետական արգելոց ՊՈԱԿ-ի (պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն) տարածքին մէջ կը շարունակուին հրդեհաշիջման աշխատանքները: Օգոստոս 20-ին, հրդեհի յետմարման աշխատանքներուն մասնակցած են 100 փրկարար ծառայող եւ անտառտնտեսութեան 10 աշխատակից:
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ արգելոցի տարածքին վրայ իրականացուած են 149 ծխացող օճախներու եւ 5 ծխացող ծառի մարման աշխատանքներ:
Դէպքի վայրին մէջ հերթապահութիւն իրականացուցած են ՀՀ ոստիկանութեան Արարատի մարզային վարչութեան ոստիկանները: